image

Բողոքի ցոյցեր եւ խճողում ... Ի՞նչ կը կատարուի Պէյրութի մէջ

Բողոքի  ցոյցեր  եւ խճողում ... Ի՞նչ կը կատարուի  Պէյրութի մէջ

 Լիբանանի  մայրաքաղաք   Պէյրութի  մէջ  անհանգիստ իրավիճակ է։

 Այս  մասին տեղեկութիւնը   հաղորդեց   լիբանանեան    VDL կայանը  նշելով, որ   այսօր առաւօտեան   ժամերէն  սկսեալ Պէյրութի  կեդրոնական   Ռիատ  Ալ Սոլհ  հրապարակին  վրայ      բանակի    հանգստեան  կոչուած   զինուորներ եւ սպաներ բողոքի  ցոյց կ՚իրականացնեն։

 

  Իր կարգին Lebanon 24   կայքը կը հաղորդէ, թէ   դէպի  Պէյրութի կեդրոնական  հատուած  հասցընող  բոլոր     գլխաւոր  ճանապարհները     ցոյցին    պատճառով խճողուած  են ու գրեթէ  փակուած։ 

 

 Յիշեցնենք, որ  բանակի      հանգստեան   կոչուած      զինուորականները  կառավարութիւնէն կը պահանջեն    հրաժարիլ  աւելի  վաղ     որդեգրուած   որոշումներէն, որուն հիմամբ կրճատման պիտի ենթարկուի   անոնց  ամսավճառները։

 

 

 Վարչապետ Սաատ Հարիրիի  կառավարութիւնը       կարեւոր  ճիգեր    կը  գործադրէ    վերատեսութեան  ենթարկելու իր  ելեւմտական քաղաքականութիւնը, կրճատելով   յաւելավճարները  եւ  վերատեսութեան ենթարկելով կառավարութեան ընդհանուր ծախսերը։