image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ Հանրապետութեան գլխաւոր Միւֆթի՝ Շէյխ Պատըր Ալ Տին Հասսունը այցելած է ՀՀ առաքելութեան կեդրոն

Սուրիոյ  Հանրապետութեան գլխաւոր      Միւֆթի՝ Շէյխ  Պատըր Ալ Տին  Հասսունը  այցելած  է  ՀՀ  առաքելութեան կեդրոն

 Սուրիոյ  Հանրապետութեան     Միւֆթի ՝ Շէյխ  Պատր Ալ Տին  Հասսունը  այցելութիւն  տուած  Սուրիոյ    մէջ  ՀՀ մարդասիրական    առաքելութիւն  իրականացնողներու  գլխաւոր       կեդրոն։Այցելութեան ընթացքին հանրապետութեան Միւֆթին  բարձր նկատած է  հայութեան  դերը   Սուրիոյ  մէջ   ու  հայութիւնը համարած  սուրիական հասարկութեան  անբաժանելի մաս։

Սուրիացի    կրօնական առաջնորդը  նաեւ  նշած է, որ Ցեղասպանութեան հետեւանքով Սուրիոյ մէջ  փրկութեան  յոյս   գտած  հայերը,  ոչ միայն մասնակից դարձած են  երկրի  կառուցման, այլ նաեւ սատարած են   երկու  երկիրներու ՝Սուրիոյ  եւ Լիբանանի  միջեւ   եղբայրական  կապերու ամրապնդման։  Ան   այս առթիւ    իր Սուրիոյ  պետական  մարմիններու,  ինչպէս նաեւ ժողովուրդի   երախտագիտական  խօսքը  փոխանցած է         Հայաստանին  եւ  հայ ժողովուրդին։

   Իր  կարգին  Հալէպի  ՀՀ գլխավոր հիւպատոսը  իր հերթին նշած է,  որ սուրիական ճգնաժամի  ամբողջ  ընթացքին  Դամասկոսի  եւ  Հալէպի   մէջ գործող Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները  աշխատած են ամբողջական    ներուժով ` Սուրիոյ  ժողովուրդի հետ հաւասարաչափ կիսելով պատերազմի  զրկանքներն ու դառնութիւնները:

   Ապա պատուիրակութեան անդամները  այցելած  են  խումբի կեցավայր, շփուելու համար  հայ մասնագէտներու  հետ և իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին մարդասիրական առաքելութեան խումբի ներկայացուցիչներուն։