image

Հալէպ կը շարունակէ արիւնահոսիլ. Օրեր առաջ ահաբեկիչներու հրթիռներէն վիրաւորուած փոքրիկը մահացած է

Հալէպ կը  շարունակէ արիւնահոսիլ. Օրեր  առաջ  ահաբեկիչներու հրթիռներէն վիրաւորուած  փոքրիկը մահացած է

Կիրակի օր   Հալէպի վրայ նետուած  հրթիռներու հետեւանքով ծանրօրէն  վիրաւորուած փոքրիկը   մահացած է։ Այս  մասին լուրը կը հաղորդէ  «Հունա Հալապ»   էջը։

 Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ փոքրիկը    կը  կոչուի Սընտոս  Ալ  Ահմատ  եւ ան   վիրաւորուած  էր անցեալ  կիրակի  օր  Հալէպի   խաղաղ  բնակչութեան  եւ յատկապէս  «Հալապ ալ ժատիտա»   շրջանին վրայ     նետուած   հրթիռներու  հետեւանքով։

Յիշեցնենք,որ ինչպէս աւելի վաղ   հաղորդած էինք,  անցեալ կիրակի օրը  Հալէպի համար եղած էր արիւնալի  օր մը, որու  աւարտին   զոհերու ընդհանուր թիւը  հասած էր 8-ի։

 

Կարգ  մը ոչ պաշտօնական  աղբիւրներու համաձայն    Հալէպի    ծայրամասերուն վրայ    տեղակայուած    ահաբեկիչները  յայտնուած են   բաւականին   բարդ  վիճակներու  մէջ,  որուն հետեւանքով ալ անոնք     ընտրած են խաղաղ  բնակիչներու վրայ հրթիռներ  տեղացնելու իրենց     հերթական  սադրալից,    բայց  եւ այնպէս անարդիւնաւէտ   ու ձախողած ռազմավարութիւնը։