Պարսից Ծոցին մէջ բաւական մտահոգիչ եւ արագ զարգացումներ կը գրանցուին։ Ժամեր առաջ Իրանի «Յեղափոխութեան պահակներ»ը կալանքի տակ առած են Բրիտանական Stena Impero նաւթատարը։
Կալանումի դէպքը տեղի ունեցած է տարբեր առումներով ռազմական մեծ նշանակութիւն ունեցող իրանեան «հորմուզ» նեղանցքի ջուրերուն մէջ։
Կը նշուի, որ 30.000 թոն նաւփ փոխադրող նաւը կը կրէ բրիտանական դրօշ եւ եւ կը պատկանի շուէտական ընկերութեան մը։
Նաւթատարի ընկերութիւնը դէպքին մասին խօսելով յայտարարած է, թէ իրենց համար անհնար եղած է կապ հաստատել կալանքի տակ առնուած նաւուն հետ, որուն անձնակազմը կը բաղկանայ 23 նաւաստիներէ։
Նշենք, որ վերջին շաբաթներուն յատկապէս պարսից Ծոցի ջուրերուն մէջ նկատելի դարձած լարուածութիւնը անմիջականօրէն կապ ունի ԱՄՆ-Իրան օրըստօրէ աւելի մեծ ծաւալ ստացող քաղաքական լարուածութեան հետ։