image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ բանակի զինուոր Պետրոս Սաղտըճեան ծանր արկածի ենթարկուեցաւ

Սուրիոյ բանակի զինուոր Պետրոս Սաղտըճեան ծանր արկածի ենթարկուեցաւ

Սուրիոյ բանակին մէջ զինուորական ծառայութիւն իրականացնող հայ զինուորական Պետրոս Սաղտըճեան ենթարկուած է ծանր արկածի։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Քեսապի իր աղբիւրէն։

Մեր  աղբիւրը նաեւ  հաղորդեց,  որ Ապու  Քամալ (Տէր Զօրի  մօտակայքը) շրջանին մէջ իր զինուորական ծառայութիւնը իրականացնող Պետրոսն ու իր եղբայր՝ Յովիկը իրենց զօրանոցէն դէպի Քեսապ վերադառնալու ճանապարհին ենթարկուած են բաւական ծանր արկածի։

Կը նշուի նաեւ, որ երկու երիտասարդները եղած են ինքնաթիռի (մոթոսիքլէթ) վրայ (մօթոսիքլէթ) եւ Պետրոս ծանր վնասներու ենթարկուելէ ետք փոխադրուած է հիւանդանոց ու անոր վիճակը կը գնահատուի բաւական ծանր։

Պետրոսի եղբայրը Յովիկ ստացած է բժշկական անհրաժեշտ դարմանում եւ դուրս եկած է հիւանդանոցէն։

Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ Պետրոս կը գտնուի Լաթաքիոյ զինուորական հիւանդանոցը  եւ  բժիշկներ մեծ  ճիգեր կ՚իրականացնեն վերականգնելու  համար  անոր վիճակը։ 

Քեսապցի  երկու երիտասարդները օգտուելով   իր արձակուրդէն  կ՚ուղղուէին իրենց  ծննդավայրը,  ուր պիտի մնային քանի մը  օր  եւ ապա Պետրոս կրկին պիտի վերադառնար իր զինուորական ծառայութիւնը կատարելու։