image

Տասնեակ զոհեր Հալէպի մէջ.Կարգ մը թաղամասերու մէջ իրավիճակը քաոսային (Լուսանկարներ)

Տասնեակ զոհեր Հալէպի մէջ.Կարգ մը  թաղամասերու  մէջ  իրավիճակը  քաոսային (Լուսանկարներ)

Հալէպ կրկին անգամ կրակի  տակ է։ Այս  մասին  «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի   իր աղբիւրէն։

 Մեր աղբիւրը նաեւ  հաղորդեց, որ  տասնեակ  հրթիռներ ինկած են     Հալէպի  ծայրամասային  շրջաններու եւ յատկապէս Համատանիէյի, Սէյֆ ալ Տալուէ  թաղամասերուն վրայ։

Հրթիռներուն հետեւանքով  եւ  նախնական   տուեալներով  կան տասնեակ  զոհեր, իսկ  վիրաւորներուն թիւը կը  գնահատուի   15-ով։

 

  Կը հաղորդուի նաեւ,  որ   կարգ մը  թաղամասերու մէջ իրավիճակը  դարձած է քաոսային եւ  զոհերու   դիակներ  մնացած են  հրկիզուած ինքնաշարժներու տակ։  Մինչեւ այս պահը   հկրթիռարձակումները կը շարունակուին։

 

 «Ալ Մայատին»     կայանի  հաղորդմամբ    Հալէպի ուղղութեամբ   նետուած  հրթիռներու  ամբողջական պատասխանատւութիւնը  կ՚իյնայ  Թուրքիոյ  անմիջական  հովանին   վայելող «Ալ  Նուսրա»  ահաբեկչական խմբաւորման ուսերուն։

 

Յ.Գ.  Գլխաւոր  լուսանկարը՝  արխիւ։

‎شبكة أخبار حلب العزيزية والسليمانية وما حولهما‎-ի լուսանկարը:

 

 

‎شبكة أخبار حلب العزيزية والسليمانية وما حولهما‎-ի լուսանկարը: