image

Բոլորը շատ լաւ գիտեն, որ սուրիահայերը նոր շունչ բերին Գանատայի գաղութին. Կասիա Գալայճեան

Բոլորը շատ լաւ գիտեն, որ սուրիահայերը նոր շունչ բերին Գանատայի գաղութին. Կասիա Գալայճեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ վերջին տարիներուն Գանատա՝ Մոնթրէալ հաստատուած հալէպահայ Կասիա Գալայճեանը:


-Ի՞նչ պայմաններու տակ հեռացաք Հալէպէն եւ  այսօր ճիշդ  կը  համարէ՞ք այդ որոշումը:


Նախ ըսեմ, որ ես այդքան շուտ չլքեցի իմ ծննդավայրս, մնացի պատերազմի ամբողջ հինգ տարիներուն, սակայն ելեկտրականութեան, ջուրի, ուտեստեղէնի չգոյութեան կողքին, երբ  իմ բնակած շրջանս՝ Նոր Գիւղը  ահաբեկիչներու    մնայուն թիրախ դարձաւ  ստիպուած եղայ  Հալէպէն  հեռանալ։ Ես երկու անգամ փրկուած   եմ  մահէն, քանի որ երկու անգամ հրթիռը ինկած էր ճիշդ իմ կողքս, սակայն, երբ  մօրս եւ ծեր մեծ մօրս հետ տունն էի եւ հրթիռը ինկաւ մեր տան վրայ եւ մենք երրորդ անգամ ըլլալով փրկուեցանք, ալ ուրիշ ճար չունէինք, բացի Հալէպէն հեռանալը։ Սկզբնական շրջանին այդքան դիւրին չէր որոշում առնելը, դիւրին չէր հոն ձգել ընկերներ, բարեկամներ, գործ, յուշեր՝ ըլլան անոնք մանկութեան կամ պատանեկութեան, եւ այս բոլորը հաւաքել երկու ճամպրուկի մէջ եւ տեղափոխուիլ: Դիւրին չէր, բայց ինչպէս որ ըսի, այլընտրանք չունէինք, կամ պիտի ելլէինք եւ կամ ամէն օր մահը պիտի սպասէինք:

 

-Ինչպէ՞ս էին առաջին վայրկեանները Գանատայի մէջ, ինչպէ՞ս դիմաւորեցին ձեզ, ի՞նչ կը յիշէք այդ առաջին հանդիպումէն:


Երբ առաջին անգամ Գանատայի օդակայան հասայ, մեր երաշխաւորին կողքին ներկայ էր նաեւ «Հայ տուն»  կազմակերպութեան  ներկայացուցիչ մը, որ եկած էր անձամբ դիմաւորելու բոլոր այն ընտանիքները, որոնք Գանատա հասած էին իրենց միջոցաւ, կարծես անուղղակիօրէն մեզի կ'ըսէին, որ դուք մինակ չէք, ինչ կարիք որ ունիք մենք ձեզի հետ ենք: Մէկ խօսքով, գնահատելի աշխատանք էր, եւ շնորհակալութիւն  կը յայտնենք անոնց։

 

-Գանատահայութեան վերաբերմունքը ինչպէ՞ս էր հալէպահայութեան հանդէպ:


Գանատահայ ըսելով ես կը հասկնամ  եգիպտահայերը, յունահայերը եւ աւելի ուշ լիբանանահայերը, որոնք մեզմէ առաջ, գրեթէ նմանօրինակ պայմաններով գաղթած էին Գանատա: Իրենց վարուելակերպը մեր  հանդէպ ընդհանրապէս դրական էր, որովհետեւ իրենք արդէն ապրած էին մեր նոյն ապրումները, զգացած էին մեր զգացածը եւ միշտ  ալ մեզ կը քաջալերէին, ըսելով, որ  դժուարութիւնները  անցողիկ են, մենք բոլորս ալ անցած ենք նոյն դժուարութիւններէն: Կրնամ ըսել, բոլորն ալ ընդհանրապէս դրական էին մեզի հանդէպ:



-Կ'ըսուի որ Գանատայի պետութիւնը մեծ օգնութիւն ցուցաբերած է սուրիացի գաղթականներուն,  որոնց կարգին են նաեւ հալէպահայերը: Արդեօ՞ք այդ մէկը կը համապատասխանէ իրականութեան, ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները:

 

 

Չեմ կրնար ուրանալ Գանատայի պետութեան օժանդակութիւնը, որ իսկապէս շատ մեծ էր, որովհետեւ  պետութիւնը իւրաքանչիւրիս օդակայանէն իսկ տուաւ աշխատանքի իրաւունքի թուղթ, տուաւ հինգ տարուան կեցութեան արտօնագիր։  Նկատի ունենալով, որ մենք երեք տարի վերջ արդէն կրնանք հպատակութեան դիմել, տուաւ առողջապահական գրքոյկ,   բան մը,  որ կը  կը կարծեմ հիմնական օժանդակութիւններն են, ասկէ զատ, նաեւ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրեց 18 տարեկանէն վար եղող  փոքրերու եւ տարեցներուն,  ու  նաեւ ամսական թոշակ  տուաւ անոնց։ 



-Այսօր Գանատայի տարածքին հալէպահայութիւնը միակա՞մ է, կարողացա՞ւ մէկ մարմնի շուրջ բոլորուիլ կամ թէ տարածուեցաւ Գանատայով մէկ:


Հարիւր տոկոսով կրնամ ըսել, որ  սուրիահայութիւնը  հոս միակամ է, որովհետեւ ե՛ւ Քիպէքի, այսինքն Մոնթրէալի կամ Լաւալի, ե՛ւ Թորոնթոյի մէջ հալէպահայերը կրցան համախմբուիլ մէկ շրջանի մէջ, ինչպէս որ օրինակ Լիբանանի մէջ համախմբուած  են  Պուրճ Համուտի  կամ Հալէպի պարագային՝ Նոր գիւղի մէջ: Մեծ առաւելութիւն է համախմբուիլը մէկ շրջանի  մը մէջ, որ առիթ կու տայ  իրար շատ աւելի դիւրին հանդիպելու, մանաւանդ որ շրջանը կը գտնուի ընդհանրապէս եկեղեցիներու կամ հայկական դպրոցներու շատ մօտ: Հալէպահայերը նոյնիսկ կրցան Գանատայի մէջ հայրենակցական միութիւններ  հիմնել, որոնք  շատ աշխոյժ ձեւով  եւ յաճախակի կերպով  ձեռնարկներ կը  կազմակերպէ: Երբեք չեմ կրնար ըսել, որ ցիրուցան եղանք, միայն որոշ շրջաններու մէջ, օրինակ Վենքուվըր, շատ քիչ թիւով հայեր գացին, մօտ 10 ընտանիք, հետեւաբար անոնք են, որ քիչ մը իրար   հանդիպելու դժուարութիւն ունին:


-Ինչպէ՞ս կը տեսնէք  գանատահայութեան ապագան, ի՞նչ տեսակէտ ունիք, ինչպէ՞ս  է  այնտեղի հայերուն վիճակը, ի՞նչ է իրենց մտահոգութիւնները ապագայի առումով:


Գանատահայ  ընտանիքներու  զաւակները մեծ մասամբ հայկական վարժարանկը յաճախէ եւ այդ մէկը հայ մնալու  մեծագոյն  կռուանն  է։  Անշուշտ կայ  փոքր մաս մը կայ, որ պետական դպրոցներ կ՚ուղղարկէ  իր   զաւակները, որպէսզի աւելի լաւ տիրապետեն անգլերէնին կամ ֆրանսերէնին, սակայն անոնք ալ հեռու չեն հայկական միջավայրէն, կը յաճախեն ակումբ, կ'երթան շաբաթօրեայ դպրոց, որպէսզի հայերէն գրել եւ կարդալ սորվին:  Գալով սուրիահայերուն  ապա  կրնամ ըսել, որ  այս  փուլին մեծ թիւով սուրիահայերու  Գանատա  գալը  մեծ    համուով դրական   երանգ մը բերաւ  Գանատայի  գաղութին։

 Այս  բոլորէն անդին  ես  վստահօրէն  կրնամ վկայել, որ գանատահայերը   շատ հեռու են  ձուլուելէ, անոնք  չեն ձուլուիր ...   



-Դուք, որպէս հայագիտութիւն աւարտած անհատ, աշխատանքի համար երբեւէ հայկական հաստատութիւն մը դիմեցի՞ք   աշխատանք գտնելու նպատակով։  


Ճիշդ է որ ես  Հալէպի մէջ  հայագիտութիւն  ուսանած եմ, բայց  անկեղծ ըլլալու համար, ոչ մէկ ատեն մտածեցի հայկական դպրոց մը  դիմում տալ, հակառակ անոր որ Մոնթրէալի մէջ երեք հայկական դպրոցներ  կան: Չդիմեցի, որովհետեւ իմ հայկական վկայականս միայն բաւարար չէր աշխատանք  ճարելու համար, այլ պէտք էր Գանատայէն վկայական մը ունենալ։  Որպէս նոր Գանատա  եկած   անհատ , քիչ մը դժուար պիտի ըլլար, ամէն ինչ շատ նոր էր, ե՛ւ քաղաքը, ե՛ւ օրէնքները, ե՛ւ լեզուն, քիչ մը ժամանակ պէտք է անցնէր, որ ես ետ դպրոց յաճախվի, որպէսզի վկայական մը ստանայի։ Անոր համար երբեք չդիմեցի, բայց ոչ մէկ ատեն ալ այդ ասպարէզէն հեռու մնացի, որովհետեւ համոզուած էի, որ նոր սերունդին բան մը փոխանցելը պայման չէ վարժարանէն ներս ըլլայ, ատի ակումբներէն ներս ալ կրնայ ըլլալ, այդ առումով ալ  խիղճս հանգիստ է, որովհետեւ արդէն իմ կարելիութեանս սահմաններուն մէջ  կը  փորձեմ մեր նորահաս սերունդին  օժանդակութիւն  ցոյց տալ։



-Եթէ Հալէպը լաւանայ եւ ամբողջական խաղաղութիւն տիրէ Սուրիոյ մէջ, կը մտածէ՞ք ձեր  ծննդավայրը վերադառնալ:  


Կրնամ ըսել, եթէ Սուրիոյ  մէջ այս   արիւնալի եւ վայրագ պատերազմը չըլլար, ապա ես  երբեք չէի մտածեր գաղթելու մասին...։  Իսկ հիմա, երբ որ արդէն գաղթելէս անցած են երեք տարիներ, ունիմ լաւ գործ, կեանքս դրած եմ հունի մէջ, դիւրին չէ անգամ մըն ալ երկու ճամպրուկ առնել եւ վերադառնալ,  ու  ետ ամէն ինչ  զէրոյէն սկսիլ ...։ Կը կարծեմ ալ դժուար է վերադարձը, մանաւանդ որ հոս ուրախ  եւ հանգիստ եմ:



-Ի՞նչ ունիք ըսելիք սուրիահայութեան, մանաւանդ անոնց, որոնք հեռացան իրենց ծնդավայրէն, եւ աշխարհով մէկ տարածուեցան:


 Եթէ հաշուի առնենք այլ երկիրներու պարագան, ապա կրնամ ըսել, որ Գանատան լաւագոյն երկիրն է, ուր այսօր մեծ թիւով սուրիահայեր կ՚ապրին։ Անշուշտ նաեւ կ՚ազդէ այն  հանգամանքը, որ  Գանատայի մէջ ապրող հայութեան թիւն ալ  մեծ է եւ իրար կապ պահելու խնդիր չունին, բան  մը, որ նոյնը չէ օրինակի  համար Շուէտի, Գերմանիոյ, Աւստրալիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ։  

Ասկէ զատ կրնամ ըսել, որ յաջողութեան հասնելու համար պէտք է  պայքարին եւ ընդունակ ըլլան։ Չմոռնամ նաեւ  յիշեցնել, որ   մենք գաղթականի  ճամբան ստիպուած  բռնեցինք  ու ատոր համար  ալ պէտք է պայքարինք։ Հայ  պահենք մեր սերունդները , եւ երբել չտկարանանք  դժուարութիւններուն առջեւ։