image

«Ես Հալէպը չլքեցի, ինչպէս լաւ բժիշկը, որ իր հիւանդը չի յանձնէր ճակատագրի խաղերուն ...» Հալէպահայ բժիշկ Մելքոն Գալայճեան

«Ես Հալէպը չլքեցի, ինչպէս լաւ  բժիշկը,  որ  իր  հիւանդը  չի յանձնէր  ճակատագրի խաղերուն ...» Հալէպահայ բժիշկ Մելքոն Գալայճեան

«Արեւելքի» հարցումներուն կը պատասխանէ հալեպահայ բժիշկ Մելքոն Գալայճեանը

 

-Ներկայիս ինչպէ՞ս կը բնութագրէք Հալէպի ընդհանուր իրավիճակը:


Ապահովական վիճակը ինչպէս նաեւ օրուայ կենցաղային պահանջքները՝ ելեկտրականութիւն, ջուր, հաց, հաղորդակցութեան միջոցներ, վառելանիւթ, օրէ օր կը բարելաւուին:

 

-Ի՞նչ են հալէպահայութեան գլխաւոր դժուարութիւնները եւ մարտահրաւէրները:


Դժուարութիւնները հիմնականին մէջ  տնտեսական են: Հալէպահայը, որ դիմագրաւեց դաժան տարիները, ունի մէկ մարտահրաւէր եւ պարտաւորութիւն, այն է՝ Հալէպը վերականգնել որպէս մայր գաղութ՝ իր եկեղեցիներով, դպրոցներով եւ ակումբներով:



 

-Որպէս համայնքային գործիչ, ի՞նչ ոլորտի մէջ կը գործէք, ի՞նչ տեղեկութիւններ կրնաք տալ ձեր գործունէութեան մասին:


Ես բժիշկ եմ, մասնագիտութեամբ՝ մանկաբարձ, կնախտաբան-կանանց վիրաբոյժ: Համեստաբար անդամ եմ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Սուրիոյ Շրջանակային Յանձնաժողովին եւ Ատենապետը՝ ՀԲԸՄ-ի Առողջապահական յանձնախումբին, որուն կատարած բարեսիրական եւ առողջապահական գործունէութեանց մասին բոլորդ ալ տեղեակ էք: 

Տագնապի տարիներուն եւ մինչ այսօր կը շարունակեմ իմ մասնագիտական եւ հասարակական գործունէութիւնս:

 

-Ձեր կարծիքով այսօր ի՞նչն է, որ կը պակսի հալէպահայութեան, որպէսզի ընթացք առնէ Հալէպի վերականգնումի այդքան կարեւոր   գործը։


Հալէպահայը հպարտ եւ արժանապատիւ անձ է եւ ոչ՝ խեղճ, ողորմելի: Դաժան տարիներուն համայն հայութիւնը ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, իրենց ազգային պարտականութիւնը կատարեցին եւ կը կատարեն նիւթաբարոյական իմաստով, մինչեւ հալէպահայը ինքն իր ուժերը հաւաքէ եւ հաստատուն քայլերով ընթանայ դէպի առաջ:

 

-Տաբեր առումներով որոշ տեղաշարժեր տեղի ունեցան Հալէպի մէջ, օրինակ  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ  Ա. Կաթողիկոսի այցը, Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ վերաբացումը, տարբեր միութիւններու աշխատանքներու վերսկսիլը, արդեօք այս բոլորը բաւարար են,  ըսելու համար, որ Հալէպը մտած է վերականգնումի փուլը:


Ձեր նշած երեւոյթները  գաղութը կ'աշխուժացնեն, անոր յոյս եւ եռանդ կը ներշնչեն եւ հիմք կը  դառնան գաղութի ապաքինման եւ վերականգնման: Նշեմ, որ Հալէպի մարզամշակութային կեանքը կը շարունակուի նոյնիսկ աւելի եռանդուն, քան   կարգ մը հայահոծ  եւ կայուն   եղող որոշ գաղութներ։



 

-Դուք չհեռացաք Հալէպէն, հակառակ պատերազմական թէժ իրավիճակին, արդեօք զղջացա՞ծ էք այդ որոշումին համար:


Չեմ զղջացած եւ ոչ ալ կը զղջամ: Եթէ որպէս բժիշկ պատասխանեմ,  ցանկացած բժիշկ վիրաւոր հիւանդը չի յանձներ  ճակատագրի խաղերուն, այլ կ'աշխատի անոր կեանքը փրկել: Եթէ պատասխանեմ որպէս սուրիահայ քաղաքացի, Հալէպը իմ ծննդավայրն է, մանկութեան, պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան յիշատակարանը, մեր պապերու եւ տատերու արդար քրտինքով հիմնուած եկեղեցին, դպրոցը, ակումբը, իրենց շիրիմները այստեղ են. Միթէ՞ կարելի է հեռանալ:
Մահը մարդու իրաւունքն է, ես կ'ըսէի մէկ անգամ կը մեռնիմ Հալէպի մէջ, քան թէ օտարութեան մէջ ամէն օր մեռնիմ: Անշուշտ Հայաստանը բացառուած է այս տողերէս:

 

-Որոշ պատգամ մը ունի՞ք Հալէպէն հեռացած ձեր հայրենակիցներուն, ի՞նչ կ'ուզէք ըսել անոնց:


Հալէպէն  հեռացողները  իրենց պատճառները ունին, մարդիկ կամայ թէ ակամայ մեկնեցան: Եթէ զղջացած են, թող վերադառնան, եթէ ոչ՝ հալէպահայութեան հանգիստ թող ձգեն, չի խրախուսեն  զիրենք  լքելու Հալէպը: Նամանաւանդ «հայ»  անունը   կրող  որոշ կազմակերպութիւններ, որոնք փոխանակ հալէպահայուն բարենպաստ պայմաններ ստեղծեն, որ  Հալէպի մէջ գոյատեւէ եւ ապրի կամ հայրենադարձութիւնը քաջալերեն, հայութիւնը օտար հեռու ափեր տանելու գործ կ'ընեն:


-Ինչպէ՞ս կը տեսնէք Հալէպի մօտիկ ապագան:


Յոյսը մարդու գոյատեւման գրաւականն է, հալէպահայը յուսահատելու իրաւունք չունի: Հալէպի հայ գաղութը խոր արմատներ ունի. Այո՛ ցնցուեցաւ, նօսրացաւ, սակայն, ինչպէս սուրիական հայրենիքը, չ՚փլուզուեցաւ: Լաւատես ըլլալ է պէտք եւ ապագային նայիլ վարդագոյն ակնոցներով:

Սուրիահայութիւնը  կը վայելէ արաբ ազնիւ ժողովուրդի յարգանքը,  նաեւ ուշադրութիւնը եւ հոգատարութիւնը Սուրիոյ կառավարութեան եւ իշխանութիւններուն։ Ու  այս  բոլորը նաեւ պատճառ են, որ   սուրիահայութիւնը    շարունակէ  իր երթը ապահով եւ անվտանգ  պայմաններու տակ։