image

«Եղածը մինչեւ հիմա անհաւատալի է, եւ ամէն օր մենք մեր տղան կը սպասենք...» Հալէպահայ նահատակի հայր

«Եղածը  մինչեւ հիմա  անհաւատալի է, եւ ամէն օր մենք մեր տղան կը սպասենք...» Հալէպահայ նահատակի  հայր

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ հալէպահայ Աբրահամ Մկրտիչեան.


-Ի՞նչ  է վիճակը ներկայիս Հալէպի մէջ: Ի՞նչ կրնաք պատմել մեզի:

Հալէպ քաղաքին մէջ վիճակը հիմա լաւ է, մենք հանգիստ ենք, առաջուան նման ռումբեր չեն  իյնար,  բայց,  Հալէպի շուրջը վտանգաւոր է, պայթումներ կ'ըլլան: Այդ կողմերը հայեր չկան, հայութիւնը աւելի Հալէպի կեդրոնն են, Նոր Գիւղ, Սուլէմանիյէ, Ազիզիյէ:

 

-Իսկ Հալէպի ծայրամասերիւն  հրթիռներ իյնալը, հայութեան վախ չի պատճառե՞ր: 

Այո, վստահ որ վախ կը պատճառէ: Հայութիւնը շրջան մը շատ աւելի մեծ վախի մէջ ապրեցաւ, սակայն այսօր վիճակը  տանելի է: Ան որ կրցաւ ճամբորդել, գնաց, շատեր ալ կան չկրցան, մեզի պէս օրինակ, ես երկու զաւակ ունիմ, որոնք  բանակին մէջ կը  ծառայեն։  Մէկը նահատակ դարձաւ, երկրորդս ալ դեռ զինուոր է, 9 տարի պիտի ըլլայ, Դամասկոսի մէջ կը ծառայէ, հետեւաբար չենք կրնար ձգելով ելլել, նաեւ այդ է  պատճառը,  որ մնացինք:

 

-Եթէ Հալէպի ծայրերը վիճակը այսպէս շարունակուի, հայութիւնը կը   հեռանա՞յ  Հալէպէն:

Ոչ, չեմ կարծեր, մեր կառավարութիւնը զօրաւոր է, այդ շրջաններն ալ «կը մաքրուին»: Մնացած հայութիւնը այլեւս չի հեռանար, քանի որ ասկէ շատ աւելի գէշ օրեր տեսանք, մեր թաղերուն վրայ, մեր աջն ու ձախը ռումբեր շատ ինկան, ան որ բախտաւոր էր, ապրեցաւ, ան որ ալ բախտ չունէր զոհուեցաւ, կամ զոհ ունեցաւ։

 

-Ինչպէ՞ս կը ճարէք ձեր օրուայ հացը, ինչպէ՞ս կ'ապրիք:

Փառք Աստուծոյ, կ'աշխատինք, ես կանանց դերձակ եմ, հագուստներ կը կարեմ՝ պաշտօնական, հարսանեկան, տեսակ-տեսակ: Այսօր արդէն պահանջք  ալ  կայ, հալէպցի տիկինները  հագուստներ  կ՚ապսպրեն, կը կարուին, կը հագուին: Մեր քաղաքը լաւ եղաւ, այսօր վիճակը  առաջուընէ շատ աւելի լաւ է, եթէ այն համեմատենք անցնող տարիներուն հետ։

 

-Դուք եթէ բանակի  մէջ  ծառայող զաւակ չունենայիք, կը ձգէի՞ք Հալէպը:

Թերեւս կը ձգէինք, այո, քանի որ շատ գէշ օրեր անցուցինք: Շատեր գացին, շատեր մնացին, ամէն մէկը տեսակ մը, ամէն մարդու ճակատագիրը տարբեր է, ի վերջոյ ինչ  որ գրուած է, ատի պիտի տեսնէ:

 

-Ի՞նչ զգացում ունեցաք,  երբ   լսեցիք  ձեր որդւոյն նահատակութեան, այդ դժուարին  պահերէն  ի՞նչ  կը յիշէք:

Եղածը  շատ խոր ցաւ պատճառեց մեզի  ու կարծես անհաւատալի պատմութիւն մըն էր։ Մենք չէինք սպասեր այս մէկը, բայց եղաւ ըլլալիքը, դժուար ժամանակներէ անցանք եւ մինչեւ հիմա ցաւը մեր սրտերուն մէջն է, չենք կրնար մոռնալ, մօտ 3 տարի շաբաթը երկու օր գերեզմանատուն կ'երթայինք, կը կարօտնայինք, հիմա նորէն կը կարօտնանք, ամէն շաբաթ օրերը տղուս մօտ գերեզմանատուն կ'երթանք, կը նստինք, ժամանակ կ'անցընենք, ետ տուն կը դառնանք:

Շատ ժամանակ նստած կ'ըլլանք տունը տիկնոջս հետ, կ'ըսենք, որ երանի հիմա դուռը զարնուի եւ ներս մտնէ մեր տղան, երանի նոյն ձեւով տեսնենք իրեն: Ցաւը մեծ է, խոր է, իր ձգած յիշատակները կը գրկենք՝ հագուստները, զինուորական  կօշիկը, գլխարկը.. շատ յիշատակներ ձգեց մեզի:

Վերջին անգամ երբ տուն եկած էր, Ծաղկազարդին նախորդող շաբաթն էր, շէնքի աստիճանները վերէն վար լուաց, ձգեց հինգշաբթի օր ճամբորդեց: Շաբաթ գիշեր զարկեր լսեցինք, յարձակեր էին Շէյխ Նաճճարի կողմերը, ուր որ տղաս կը ծառայէր, Կիրակի առտու՝ Ծաղկազարդին օրը մեր տղան զարնուեցաւ, մեզի հազիւ գիշերը լուրը բերին, լուր չունէինք: Այդ օրը չկրցանք կերակուր ուտել, պատրաստ հաւ ապսպրած էինք, բայց կոկորդնէս չէր իջներ, տիկինս ըսաւ՝ չեմ կրնար ուտել, սառնարանը  դրինք ճաշը, իջանք տունէն, եղբօրս տունը գացինք. Իրենք լուր ունէին, բայց մեզի չըսին, հոն ալ հանգիստ չզգացինք, շուտ մը ետ ելանք, տուն դարձանք, դրացիին մտանք, յետոյ տուն ելանք, 8-ի մօտերն էր գիշերը, եղբօրս երկու տղաները եւ քրոջս տղան մեզի եկան, արդէն մեր մէջ կասկած  մտաւ, մէկուն երեսը կարմիր, մէկուն երեսը դեղին, ըսին որ՝ լսեցինք  յարձակեր են Շէյխ Նաճճար, եթէ չսխալինք, զարնուած է տղանիդ, հիւանդանոցն է, ըսի՝ ուրեմն երթանք հիւանդանոց, ըսին՝ սուրճ մը խմենք վերջը. Հոն արդէն հասկցայ եղածը, ըսի՝ ուրեմն մէկ բառ ըսէք ինծի որ գիտնամ, «Ալլա եըրհամօ» ըսէք, արդէն անոնց աչքերը լեցուեցան, ես ու տիկինս այդ վայրկեանին քանդուեցանք: Միւս զինուոր տղուս արդէն լուր տուած էին, Դամասկոսէն ճամբայ ելած էր, յաջորդ օրը հասաւ Հալէպ, գնաց զինուորական հիւանդանոց եւ եղբօրը դիակը տուն բերաւ մօտ ժամը 12-ին, երեքին արդէն թաղումն էր, այս ձեւով եղաւ, քանդուեցանք, եւ մինչեւ հիմա չենք հաւատար որ մեր տղան նահատակուեցաւ:

 

-Դուք ձեզի երբ որ առանձնութեան մէջ ըլլաք, կ'ըսէք՝ ինչ պէտք կար տղաս այս երկրին համար մահացաւ:

Կ'ափսոսանք մահուան համար, եւ ոչ թէ երկրին համար զոհուելուն, ինքը զոհուեցաւ որ մենք ապրինք, ընկերները ապրին, բայց իր ալ միտքէն չէր անցներ այս բանը:

 

-Այսքան դժուար օրեր տեսաք, ցաւ տեսաք, ի՞նչ էր այս Սուրիոյ պատերազմը ի վերջոյ:

Այս պատերազմը մեր պատերազմը չէր, մեզի համար չէր, ասի իսլամներու միջեւ իրար հակառակ եղողներու պատերազմ է, հայերն ու քրիստոնեաներն ալ ոտնակոխ եղան:

 

-Ձեր  կարծիքով  Հալէպի ապագան լաւ պիտի ըլլա՞յ:

Հաւատացէք  չեմ գիտեր, բայց պէտք է լաւ ըլլայ, շրջան մը կու գայ անպայման լաւ կ'ըլլայ, բայց հիմա չէ, ժամանակի կը կարօտի, ինչպէս որ պատերազմին սկիզբը կայ, վերջն ալ կայ անշուշտ, օր մը  կը վերջանայ  այս  ամէնինչը, սակայն  մեզի համար  դեռ  պարզ չէ երբ ...։