image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկայի մէջ հիմնադրուած է «Համահայկական Խորհուրդ»ը (Pan Armenian Council of Western USA)

Ամերիկայի մէջ հիմնադրուած է  «Համահայկական Խորհուրդ»ը  (Pan Armenian Council of Western USA)

Արեւմտեան Ամերիկայի  մէջ հիմը դրուած է  «Համահայկական Խորհուրդ»ին։   Գաղութային  մակարդակի  գործունէութիւնը համակարգող  այս մարմնի  նպատակներու մասին «Արեւելք»   ստացաւ  հաղորդագրութիւն մը, զորս   ամբողջութեամբ  կը ներկայացնենք  ստորեւ.

Վերջին տարիներուն, Արեւմտեան Ամերիկայի հայ եկեղեցական, քաղաքական եւ հասարակական կառոյցներու ղեկավարութիւնը իրականացուցած է հեզասահ եւ առողջ համագործակցութեան միջավայր մը, եւ միասնական ոգիով ծրագրած է ու գործած, դիմագրաւելով հայ համայնքին վերաբերող տարատեսակ մարտահրաւէրներ:

Այս գործակցութեան լաւագոյն օրինակներէն հանդիսացած են Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման համագաղութային ճիգերն ու միջոցառումները, որոնց կազմակերպական աշխատանքներուն ընթացքին արձանագրուած են համագործակցութեան եզակի ու յաջող պատմական հանգրուաններ:

Հարիւրամեակի աշխատանքներուն զուգահեռ ու անոնցմէ ետք, զանազան առիթներով եւ մասնակի յանձնարարութիւններով ստեղծուած գործադիր յանձնախումբեր եւս ողջունելի աւանդ մը ստեղծած են՝ ապացուցելով համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

Բացայայտ իրողութիւն է, որ օրէ օր քանակականօրէն կ‘աճի Արեւմտեան Ամերիկայի հայութիւնը, եւ որակականօրէն կը զարգանայ հայ համայնքի հաւաքական կարողականութիւնը: Այս իրողութեան առընթեր, բնականաբար կը բազմապատկուի հայ համայնքի հաւաքական շահերը պաշտպանելու եւ անոր հաւաքական դիմագիծը արտայայտելու կարեւորութիւնը:

 

Հետեւաբար, մինչեւ օրս վերոյիշեալ հաւաքական աշխատանքի յաջող ու դրական արդիւնքներէն քաջալերուած, ինչպէս նաեւ՝ հայրենիքէն ներս թէ դուրս ազգային միասնականութիւն յառաջացնելու հրամայականի թելադրութենէն մղուած, եւ հայութեան ուժի հաւաքագրումը նկատելով անհրաժեշտ՝ Արեւմտեան Ամերիկայի տարածքին գործող եւ գործակցութեան աւանդ ստեղծած ստորագրեալ կառոյցները համախմբուելով, որոշեցին կազմել համայնքի հաւաքական շահերը հետապնդելու ձգտող եւ միասնական ճիգերը համադրող ղեկավար խորհուրդ մը, որպէսզի հիմքը դրուի ապագայի գործակցութեան նոր էջի մը:

Խորհուրդը կը կոչուի Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդ (Pan-Armenian Council of Western USA):

Խորհուրդին անդամ դառնալու կը հրաւիրուին համայնքի այն կազմակերպութիւնները, որոնք կը փափաքին մաս կազմել այս հաւաքական ճիգին, եւ իւրաքանչիւրը ունի նուազագոյնը 300 գործօն անդամ։

Խորհրդակցական բնոյթ ունեցող այս խորհուրդին որոշումները պարտադիր չեն անոր անդամ կազմակերպութեանց։ Ուստի, անոր գոյութիւնը մասնակից կազմակերպութեանց գործունէութեան վրայ ոեւէ իշխանութիւն չունի։

Խորհուրդը կ‘առաջնորդուի առաւելագոյն մասնակցութիւն ապահովելու սկզբունքով եւ միշտ կը պահպանէ համախոհութիւն յառաջացնելու սկզբունքը: Առաւել եւս, ստորագրեալ կառոյցները յանձնառու են գործել իրարու հանդէպ փոխադարձ յարգանքի եւ զիջողութեան հասկացողութեամբ:

Խորհուրդի առաքելութիւնն է՝

Համահամայնքային բնոյթի աշխատանքներ ծրագրել եւ համադրել.

Հայութեան հաւաքական շահերն ու համայնքի հայութեան իրաւունքները յառաջ տանող աշխատանքներ քաջալերել.

Հայկական հաւաքական շահերուն եւ իրաւունքներուն սպառնացող միտումները հակակշռող քայլերու նախաձեռնել.

Առաւելագոյն չափով հաւաքագրել համայնքի հայութեան ներուժը, ներառելով համայնքի բոլոր հայկական ուժերը, յանուն համայնքի բարօրութեան ու Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման.

Միշտ հետամուտ ըլլալ համայնքային կեանքի առողջ պահպանման:

Խորհուրդի աշխատանքներուն պարբերաբար կը հրաւիրուին համայնքէն ներս գործօն եւ ազդեցիկ ներկայութիւն ունեցող ազգայիններ, որոնք իրենց մասնագիտական թէ այլ առաւելութիւնները, պատրաստ կ‘ըլլան ի սպաս դնելու վերոյիշեալ աշխատանքներուն եւ նպատակներուն յաջողութեան համար:

Խորհուրդի անդամ չեղող կազմակերպութիւններ կամ անհատ հայորդիներ եւս վերոյիշեալ հաւաքական ճիգէն անմասն չի ձգելու նպատակով, տարին առնուազն մէկ անգամ կամ աւելի (ըստ կարիքի եւ յարմարութեան) ու նախապէս որոշուած օրակարգով, Խորհուրդը կը նախաձեռնէ հաւաք-համագումարներու, որոնց կը հրաւիրուի համայնքի հայութիւնը, հաւաքական ծրագիրներու եւ նիւթերու ուղղութեամբ իր կարծիքները լսելի դարձնելու եւ իր ներդրումը բերելու:

Հիմնուելով վերոյիշեալ տրամաբանութեան, տեսլականին, եւ նպատակներուն վրայ, Արեւմտեան Ամերիկայի հայ ազգային եւ համայնքային իրականութեան մէջ, այսու կը յայտարարենք գործակցութեան եւ միասնութեան նոր էջի մը մեկնարկը:

Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցի, Արեւմտեան Թեմ

Առաջնորդարան Հայոց ԱՄ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմ

Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւն

Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն, Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջան

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Oգնութեան Միութիւն

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Շրջան

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Նահանգներու Շրջան

Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն

Միացյալ Հայ Երիտասարդներ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ

Ամերիկայի Հայկական Համագումար, Արեւմտեան Շրջանային Գրասենեակ

Հայ Իրաւաբանական Միութիւն

Պոլսահայ Միութիւն

Լոս Անճելոսի Իրանահայ Միութիւն

Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւն

Լոս Անճելոսի Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութիւն