image

«Լիբանանի յայտնիներու 95 առ հարիւրը թմրեցուցիչ կ'օգտագործէ» Լիբանանահայ երգիչ Ռայան ծանր տեսակի ռումբ մը պայթեցուց

«Լիբանանի  յայտնիներու  95  առ հարիւրը թմրեցուցիչ կ'օգտագործէ» Լիբանանահայ երգիչ Ռայան ծանր  տեսակի ռումբ մը պայթեցուց

Լիբանանեան երգերու յայտնի մեկնաբան   Ռայան (բուն  անունով՝  Գրիգոր) սքանտալային   «ռումբ»  մը պայթեցուց:

Ռայան, որ օրեր առաջ  մասնակցած է   Լիբանանի   պետական ռատիոկայանէն   սփռուող   յայտագրի մը,  ըսած է, որ  լիբանանցի  արուեստագէտներու  95 առ հարիւրը  թմրեցուցիչի մոլի է:

Ան պատմած է, թէ ինչպիսի դժուար ճանապարհ մը անցնելէ ետք,    յաջողած է ձերբազատուիլ այդ  մոլութենէն:

Ռայան  նաեւ կոչ  ուղղած է  երիտասարդութեան,  տարիքը  թեւակոխողներու  ծնողներուն,  լաւապէս  հետեւիլ  իրենց  զաւակներուն, որովհետեւ  յատկապէս վերջին տարիներուն, Լիբանանի  մէջ թմրանիւթի  օգտագործման  երեւոյթը դարձած է  համատարած   երեւոյթ մը:

Ռայան նաեւ ըսած է, թէ ինք   ամբողջապէս  բուժուած է  այդ    ախտաւոր երեւոյթէն ու  խորհուրդ կու տայ  բոլոր երիտասարդներուն հեռու մնալ     այդ  վտանգաւոր մոլութենէն: