Լիբանանեան երգերու յայտնի մեկնաբան Ռայան (բուն անունով՝ Գրիգոր) սքանտալային «ռումբ» մը պայթեցուց:
Ռայան, որ օրեր առաջ մասնակցած է Լիբանանի պետական ռատիոկայանէն սփռուող յայտագրի մը, ըսած է, որ լիբանանցի արուեստագէտներու 95 առ հարիւրը թմրեցուցիչի մոլի է:
Ան պատմած է, թէ ինչպիսի դժուար ճանապարհ մը անցնելէ ետք, յաջողած է ձերբազատուիլ այդ մոլութենէն:
Ռայան նաեւ կոչ ուղղած է երիտասարդութեան, տարիքը թեւակոխողներու ծնողներուն, լաւապէս հետեւիլ իրենց զաւակներուն, որովհետեւ յատկապէս վերջին տարիներուն, Լիբանանի մէջ թմրանիւթի օգտագործման երեւոյթը դարձած է համատարած երեւոյթ մը:
Ռայան նաեւ ըսած է, թէ ինք ամբողջապէս բուժուած է այդ ախտաւոր երեւոյթէն ու խորհուրդ կու տայ բոլոր երիտասարդներուն հեռու մնալ այդ վտանգաւոր մոլութենէն: