image

«Ընթու քամէն ընտապու». Անծանօթներ կմախք պարունակող աֆիշ մը դրած են Պէյրութի Թուրքիոյ դեսապանատան դիմաց

«Ընթու քամէն ընտապու». Անծանօթներ կմախք  պարունակող աֆիշ մը դրած են  Պէյրութի  Թուրքիոյ դեսապանատան  դիմաց

Անծանօթներ  Թուրքիոյ  դրօշի  ֆոնը   պատկերող եւ մարդկային  կմախք  պարունակող  աֆիշ մը  տեղադրած են Պէյրութի  արուարձանին մէջ  գտնուող  Թուրքիոյ դեսպանատան  դրան  վրայ։

Այս   մասին   քիչ  առաջ լուր հաղորդեց լիբանանեան «Էլ. Պի. Սի. Այ.»ի կայքը։

Աղբիւրը նաեւ  նշեց, որ  աֆիշին վրայ  գրուած  եղած է «Ընթու քամէն ընտապու»    «հաշթէկ»ուած    գրութիւնը ( հայերէնով՝  «Դուք  եւս    ձեր  տեղը նստեցէք»-խմբ.)։

Ի  դէպ    վերոնշեալ  խօսքը  օրեր առաջ    օգտագործուած էր «Հըզպալլա»ի   առաջնորդ Սէյիտ Հասան Նասրալլայի    կողմէ, երբ ան կը դատապարտէր Իսրայէլի  ղեկավարութիւնը եւ Իսրայէլ   տէրութեան  նեցուկ կանգնող   կողմերը։

Նասրալլայի  խօսքէն  անմիջապէս ետք  այդ  եզրոյթը    դարձած էր    դվիթըրեան  «հաշթէկ», ուր   «Հըզպալլա»ի   գաղափարակիցներ եւ   համակիրներ  քանի մը ժամուան    ընթացքին  հազարաւոր գրառումներ կատարած էին։

  Յիշեցնենք, որ  Պէյրութ- Անգարա  յարաբերութիւնները    լարուած  վիճակ մը  կը ստանային    Լիբանանի  հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ  Աունի  Օսմանեան  կայսրութեան մասին    ըրած  յայտարարութիւններէն  ետք։

«Արեւելք»  երկու   տարբեր  առիթներով  անդրադարձած  էր   նախագահ  Աունի   յայտարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ    հակիրճ  տողերով  ներկայացուցած էր Թուրքիոյ  ԱԳՆ-ի   բուռն   եւ անտեղի արձագանգը։

Լարուածութենէն անմիջապէս ետք  Լիբանանի մօտ Թուրքիոյ դեսպան  Հաքքան Չաքիլ   կանչուած էր   երկրի  Արտաքին  Գործոց նախարարութիւն   բացատրութիւն տալու համար   Անգարայի կողմէ  հնչած մեղադրանքներուն։

 

Երեւելի է, որ   Պէյրութ-Անգարա  յարաբերութիւնները կը շարունակեն մնալ լարուած։