image

Ատիսի բացառիկ համերգները` Երեւանի մէջ. Յիշողութիւններ` անցեալէն (Լուսանկար)

Ատիսի բացառիկ համերգները` Երեւանի մէջ. Յիշողութիւններ` անցեալէն (Լուսանկար)

Սփիւռքահայ յայտնի երգիչ, էսթրատային երգի աստղ Ատիսի մահուան առթիւ բազմաթիւ հայաստանցիներ յիշած են անոր հայաստանեան համերգները՝ 1974-ին՝ Մայր դահլիճին մէջ:

Ատիս երգիչի կերպարը՝ հրաշալի ձայնով, երկար մազերով, արտասահմանեան հագուկապով, գերած էր շատերը: Այս օրերուն բազմաթիւ մարդիկ կը խոստովանանին, որ իրենց սիրոյ տարիները ուղեկցուած են Ատիսի երգերով, իսկ շատերն ալ Ատիսիկ երեւանեան համերգներէն ետք սիրահարուած էին իրեն: Օգտատէրերէն մէկը գրած է, որ իր  նոր ծնած աղջկան «Գարուն» կոչած է Ատիսի կատարմամբ «Գարուն, գարուն, գարուն է...» երգը լսելէ ետք: 

«Արեւելքի» արխիւին մէջ երկու բացառիկ լուսանկար կայ՝ Ատիսի երեւանեան համերգներէն:

Լուսանկարին մէջ Ատիսը Երեւանի մէջ տեղադրուած  աֆիշի մօտ է: Ան Երեւանի մէջ համերգներ ունեցած է Հայաստանի Էսթրատային անսամպլի հետ: