image

«Ամերիկայի հայութեան 40 տոկոսը օրուայ հացին համար կը պայքարի ...» Վարդան Գազանճեան

«Ամերիկայի հայութեան   40  տոկոսը  օրուայ  հացին համար կը  պայքարի ...» Վարդան  Գազանճեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ  ամերիկահայ  գործարար՝ Վարդան Գազանճեանը:


-Այսօր հայութեան գլխաւոր կեդրոններէն մէկն է Լոս Անճելըսը, բայց ներկայ փուլին  կարծես թէ հայութիւնը  քաղաքական  լուրջ  առաջադրանք կամ օրակարգ մը չունի: Ձեր   կարծիքով, ի՞նչ է պատճառը,  եւ առհասարակ  ինչպէ՞ս  կը  գնահատէք  հայութեան  ներկայիս  իրավիճակը։


Նախ ըսեմ, որ ես որեւէ պաշտօնական հանգամանք չունիմ՝ լոսանճելըսահայութեան  ընդհանուր պատկերը ներկայացնելու համար։ Իմ   տուածս ընդամէնը   անհատական   կարծիք է։ Գաղութի աշխուժութեան հարցը պայմանաւորուած է    այդ  նահանգի  ծաւալուն ըլլալուն  հետ, ինչպէս    գիտէք շատ մեծ  տարածութեան  վրայ   է Քալիֆորնիան եւ օտարացման, ձուլումի հոսանքն ալ շատ զօրաւոր է: Անշուշտ   կան  մեծ թիւով կազմակերպութիւններ, որոնք    գործունէութիւն կը ծաւալեն  ամենատարբեր  հարթակներու  վրայ,  յաճախ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն, բայց  ընդհանրապէս  գաղութը թուլացած   վիճակ մը կ՚ապրի։ Անշուշտ բոլորիս   համար ալ շատ    պարզ է,   որ  հայրենիքէն դուրս  գտնուելով  երբեք կարելի պիտի չըլլայ  ամուր պահել հայութեան   իրական կարողականութիւնը։ Իսկ ինչ կը վերաբերի գաղութի աշխուժութեան, լսեցի որ մի քանի շաբաթ առաջ նոր մարմին մը ստեղծուեցաւ՝ «Համահայկական խորհուրդ», հիմա այդ մարմինը որքան իրական է, որքան տոկուն է, որքան պիտի գոյատեւէ, որքան բարձր հանգամանք պիտի կարենայ ունենալ եւ ընդունուիլ, կը  տեսնենք ապագային: Բայց կրնամ ըսել, ԱՄՆ գաղութը ե՛ւ զօրաւոր է, ե՛ւ տկար է, այսինքն, նոյնիսկ եթէ հիմա որոշ աշխուժութիւն մը ունի հայկական օրակարգի վերաբերեալ, չի կրնար 100 տարի յետոյ նոյն այս ուժով, նոյն աշխուժութեամբ գոյատեւել, հետեւաբար, մեր բոլոր գործողութիւններու առանցքը պէտք է ըլլայ Հայաստանը։  Մեզի  համար  հիմնական նպատակ  պէտք է   հանդիսանայ հայրենիքի մէջ ուժերը լարելը, միանալն   ու   հաստատուիլը, մանաւանդ անոնց համար,  որոնք իրենց գոյութիւնը հազիւ գարշ տալով կ'ապրին ԱՄՆ-ի մէջ. Ամերիկայի մէջ հայութեան մօտ 40 տոկոսը   օրուան  հացին համար կը  պայքարին կ'ապրին եւ   տեսածովս անիմաստ դատարկ կեանք մը կը վարեն օտարութեան մէջ։ Անոնցմէ  շատեր նիւթապէս կայուն չեն, հետեւաբար, անիմաստ է անոնց հայրենիքէն հեռու, օտարութեան մէջ ըլլալը, երբ իրենց կեանքը բարելաւել չեն կրնար:

 

-Դուք մօտէն կը հետեւիք Հայաստանի զարգացումներուն, ի՞նչ փոփոխութիւն տեսաք այս մէկուկէս տարուան մէջ, ինչպիսի՞ գնահատականով  կրնաք բնութագրել այսօրուան մեր կեանքը:


Այս հարցումին պատասխանը հարիւր տոկոս կարողանալ տալու համար պէտք է որ անձը, այս պարագային ես, այստեղ միայն զբօսաշրջիկի հանգամանքով չըլլայի, հիւրանոցի մէջ չապրէի... այլ պէտք է 3-4 ամիս   հոս  ապրէի, բնակարան  վարձէի եւ  ամենօրեայ դրութեամբ տեղացիներու հետ շփուէի: Բայց, այդուհանդերձ, կրնամ   ըսել,  որ  ասկէ 7-8 ամիս առաջ   դարձեալ  Երեւան կը գտնուէի  եւ   այն   ատեն  աւելի խանդավառութիւն կար, քան հիմա. Ես կը փափաքէի, որ կաշառակերութեան դէմ պայքարը շարունակուի, աւելի լուրջ ձեւով, այսինքն երբ  մարդիկ կը խօսին թալանի մասին,   սլաքները  միայն քանի մը հոգիներու  դէմ ուղղուած չըլլան, որովհետեւ ինչպէս բոլորս   գիտենք, եղած   թալանը  երկու-երեք  հոգիով չեղաւ։  Անշուշտ  շատ  կարեւոր է , որ  «վենտեթա»  կոչուած    երեւոյթը     վերանայ եւ իշխանութիւններ  ժողովրդավար ձեւով, երթան բոլոր    օլիկարխներուն ետեւէն եւ  թալանուած, յափշտակուած մեծ գումարները ետ բերեն եւ պետական  գանձանակը  լեցընեն։ Այս  բոլորին   առընթեր  պարտիմ ըսել, որ  եղած   զարգացումներուն հետ կապուած   կան  եւ որոնք նստած են  անկիւն մը, եւ  իրենց նեցուկը չեն ներդներ. Այս խնդիրը նաեւ  կը սպասէ իր լուծման։Այս  բոլորէն   անդին  անշուշտ, որ  կարգ մը  երեւելի  փոփոխութիւններ կան,  ու կայ նաեւ լաւատեսութիւն, որ վաղուան օրը  աւելի լաւ պիտի ըլլայ  Հայաստանի  եւ հայութեան  համար։

 

 -Ակնարկեցիք,  որ փոփոխութիւններ  կան, կրնա՞ք   փակագծերը բանալ։


Օրինակ նկատեցի, որ բնակարաններու գիները վերջին մէկ տարուան  ընթացքին  20-30 տոկոս բարձրացած են, այս կը նշանակէ, որ դուրսէն  Հայաստան  եղողներու    թիւը  աճած է եւ հիմնականին մէջ անոնք է, որ թափ  կուտան, որ    անշարժ  գոյքի  ոլորտ  աճ  արձանագրէ։  

Կը լսեմ  նաեւ, որ  մեծ  թիւով  սփիւռքահայեր,  իրենց ծանօթներուն համար  բնակարան կը  գնեն. այս   երեւոյթը   երկրին հանդէպ  վստահութիւնը  կը  մեծցընէ եւ  բնականաբար   գովելի  երեւոյթ  է։

 

 

-Հայաստանի    այսօրուան  իշխանութիւնները շատ առիթներով խօսեցան  տնտեսական ոլորտներու մէջ սփիւռքի եւ սփիւռքահայ գործարարներու  կարեւորութեան մասին: Ինչպէ՞ս  կը մեկնաբանէք    այսօրուան դրութիւնը։


Իմ կարծիքով, պատճառը, որ փոփոխութեան ականտես չեղանք,  վստահութեան պակասն է։ Անշուշտ,  որ այսօր Հայաստանը  երկու տարի առաջուան եղած վիճակէն աւելի լաւ  վիճակ  մ՚ունի,  այս  փուլին «Սաշիկ, 50 տոկոս... եւայլն» չկայ, բայց   նախկին  ռեժիմի շրջապատէն մարդիկ կան, որոնք  տակաւին իրենց դիրքերուն վրայ են ... Կաշառակերութիւնը վերացած է որոշ չափով, բայց արմատախիլ չէ եղած, եւ սփիւռքի մէջ մարդիկ այդ տեսանկիւնէն քիչ մը վերապահ են։ Հայաստանի  համար շատ   կենսական է ունենալ  սփիւռքահայ  գործարարներու նեցուկն ու ներդրում. Ի  վերջոյ մեր յոյսը չենք կրնար դնել ռուս, իտալացի, հնդիկ գործարարներու վրայ, որոնք շատ են այստեղ. անոնք, որպէս առեւտրականներ, միայն իրենց անձնական շահը պիտի հետապնդեն, բայց երբ հայ, սփիւռքահայ գործարարը կու գայ, կը հաստատուի եւ գործ կը դնէ, այդ մէկը ուղղակի Հայաստանին պիտի օգնէ, եւ, դժբախտաբար, քիչ  է այդ   տեսակ  մարդկանց  թիւը։  Փոփոխութիւնները պէտք է աւելի ակնյայտ, աւելի շլացուցիչ,  եւ  աւելի ակներեւ ըլլայ, որ մարդիկ ձգեն տուն-տեղ, հանգիստ կեանք եւ գան այստեղ. ներկայիս միայն զուտ հայրենասիրական զգացումներէ մեկնելով է, որ մէկը պիտի ելլէ գայ, ամէն ինչ ձգելով, եւ ատիկա նոր դրական բան չի բերեր Հայաստանին:

 

-Հայաստանի    անկախութեան    30 տարուան  պատմութեան  ընթացքին   մեր երկիրը  կարողացաւ  առողջ  հունի    մը  վրայ    պահել   երկրի քաղաքական ընդհանուր   դիրքը։  Խօսքը  միայն ռուս-ամերիկեան    խմորումներու   կամ առճակատումներու   առընթեր Հայաստանի      ցոյց տուած   առողջ   կեցուածքներուն  մասին չէ անշուշտ,  այլ նաեւ ԱՄՆ-ի հետ  յարաբերութիւններու   ընդհանուր  դրոյթին ե՛ւ Ռուսաստանի հետ ռազմավարական շահերը ապահովելու ու պահպանելու մասին է։  Այս առումով ալ  այսօր շատեր մտավախութիւն ունին, որ այսօրուան  իշխանութիւնները կրնան սխալ ուղղութեամբ տանիլ Հայաստանը, այն իմաստով որ   Հայաստանն  ունենայ  արեւմտամէտ   դիրքորոշում։ Մտահո՞գ էքք  այս խնդրով։


Որպէս Հայաստանի զարգացումներուն  հետեւող  հայ անհատ, կրնամ ըսել, որ նախկին իշխանութիւները տնտեսական կամ իսկական ժողովրդավարական առումով իրենց ձգած մեծ բացթողումներով հանդերձ կարողացան ձեր մատնանշած այդ՝ ռուս-ամերիկեան թելին վրայ հաւասարակշռութիւնը պահել, պէտք է ընդունինք  ատիկա։  Իսկ հիմա այդ առումով մտավախութիւնը կայ, նաեւ կան մարդիկ, որ կը մերժեն,  որ  օրինակի համար նախկին ե նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի բանտարկութիւնը Ռուսաստանի դաշնութեան նախագահին անձամբ կը նեղացնէ, ակնյայտ է, եւ ատիկա մտավախութիւն առաջացուցած է. ես անձամբ ռուսամէտ չեմ, եւ կը փափաքէի, որ Հայաստանը բոլորովին ինքնիշխան ըլլար, բայց այդ մէկը իրապաշտ մօտեցում  մը չէ. ցաւօք սրտի, ոչ Հայաստանի ժողովուրդը, ոչ ալ Հայաստանի 40 հազարանոց բանակը պիտի կարողանան  Հայաստանի սահմանները պաշտպանել. Իրանի իսլամական հանրապետութեան եւ  Թուրքիոյ հանրապետութեան հետ սահմանները ամբողջովին պաշտպանուած են ռուս զինուորներու շնորհիւ, որովհետեւ մենք ոչ մարդուժը, ոչ ալ նիւթական կարողութիւնը ունինք  այդ մէկը ստանձնելու:

Իսկ ինչ կը վերաբերի Փաշինեանի կառավարութեան այդ հաւասարակշռութիւնը շարունակելուն, մենք կը յուսանք, որ   այսօրուան  իշխանութիւնները  կը կարողանան   առկայ  հաւասակշռութիւնը  պահպանել  եւ մեծ  սխալներ  թոյլ  չտալ։ Պէտք է նաեւ հաշուի առնել,  որ Ռուսաստանի նախագահը միշտ նկատի պիտի առնէ, որ  Կովկասեան  կտրուածքով  Ռուսաստանի ամենահաւատրիմ եւ ամենավստահելի  դաշնակիցը  Հայաստանն է։ Ու կը  կարծեմ,   Քոչարեանի  հարցով ալ Փութին     «աչք պիտի խփէ»  որովհետեւ Ռուսաստանի մեծ  շահերը կը պահանջեն, որ Հայաստանի հետ ռազմավարական  կարեւորութիւն ունեցող  յարաբերութիւնները     շարունակուին եւ  բարգաւաճին։  Յոյսով  եմ նաեւ, որ այդ անհարթութիւնը մէջտեղէն կը վերանայ եւ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները մէկ անձի շուրջ   չեն  ըլլար ...  Քոչարեանի հարցը իր գործընթացը կը շարունակէ եւ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններն ալ բնականոն   հունով կը շարունակուին։

 

-Երբ վերադառնաք, ի՞նչ պիտի ըսէք Ամերիկայի ձեր հայրենակիցներուն, երբ  Հայաստանի մասին խօսիք: 


Այստեղէն  մեկնելով, իմ բարեկամներուս, ծանօթներուս պիտի ըսեմ, որ դանդաղ, փոքր քայլերով Հայաստանը առաջընթացի մէջ է: Երանի աւելի մեծ ըլլային քայլերը, բայց կարեւորն այն  է, որ   ետ դարձ չկայ: Մեր երկիրը առաջընթացի մէջ է, աշխոյժութիւն կայ, լաւատեսութիւն կայ եւ յոյսով ենք աւելի լաւ պիտի ըլլայ: Պիտի ըսեմ իրենց՝ գացէ՛ք Հայաստան, եթէ կրնաք փոխադրուեցէք, հոն ապրեցէք, եթէ չէք կրնար, գոնէ  տարին անգամ մը այցելեցէք, հաղորդուեցէք, ձեր զաւակները  տարէք հոն հայրենի հողին, օդին հետ թող հաղորդուին. իմ ձգտումս եւ իմ քաջալերանքս այդ ձեւով պիտի ըլլայ։