image
Հրատապ լուրեր:

«Հալէպէն հեռացած գործարարները դժուար թէ վերադառնան, իսկ մնացողները լճացած վիճակ մ՚ունին». Հալէպահայ Լեւոն Ափոշեան

«Հալէպէն հեռացած  գործարարները   դժուար թէ  վերադառնան, իսկ մնացողները լճացած վիճակ մ՚ունին». Հալէպահայ Լեւոն Ափոշեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ հալէպահայ  Լեւոն Ափոշեանը.

 

 

-Ինչպէ՞ս է ներկայիս Հալէպի տնտեսական ընդհանուր իրավիճակը. եւ ի՞նչ  են ժողովուրդի տնտեսական ընդհանուր մտահոգութիւնները:


Տնտեսական վիճակը տագնապալի է, անգործութիւն եւ սղութիւն է, սուրիական թղթոսկիին անկումին պատճառով ամէն ինչ սղաճ   արձանագրեց, ժողովուրդի առաջնային պէտքերը, ըլլայ սնունդ եւ ըլլայ  առաջին անհրաժեշտութեան  ապրանքներ,  ամէն ինչ  սղաճ  արձանագրեց եւ ժողովուրդի  եկամուտը նուազեցաւ:

 

-Վերջերս շատ կը լսենք սուրիական դրամին դիմաց տոլարի տատանումին   ու նաեւ   բարձրացումին մասին, այդ մէկը ինչո՞վ կ'ազդէ ժողովուրդին վրայ:


Տոլարի բարձրացումը շատ վատ կ'ազդէ ժողովուրդին վրայ: Պատերազմէն առաջ երբ  տոլարը 50 սուրիական էր, պաշտօնեայ մը  30 հազար կը ստանար, որը  կը  համապատասխանէր 600 տոլարի, իսկ հիմա երբ տոլարը հասած է՝ 650-ի, եւ պաշտօնեային ամսականը չէ աւելցած,  այդ  արդէն    վիճակը   շատ   մտահոգիչ  կը  դարձնէ։

 

-Որեւէ յստակ պատճառ մը կա՞յ այս տատանումներուն:


Ես տնտսագէտ  չեմ, բայց կրնամ ըսել, որ այդ շրջանները, ուր պատերազմ կայ զինեալներ կան, ժողովուրդը հոնկէ կը փախչի դէպի Թուրքիա կամ այլ շրջան, եւ իր ունեցածը տոլարի կը վերածէ, ատոր համար ալ  տոլարի մեծ պահանջք կայ. Իմ   կարծիքով  աս է հիմնական պատճառը, կան նաեւ Սուրիոյ վրայ դրուած պատժամիջոցները, անոնք ալ շատ  մեծ  ձեւով կ'ազդեն։  Կայ  նաեւ տեսակէտ,  յետ  պատերազմեան փուլին, որ   երբ երկիրը վերակառուցման շրջան  պիտի մտնէ  այն  ատեն ալ  տոլարը աւելի պիտի բարձրանայ, որորվհետեւ տոլարի պահանջքը շատ աւելի պիտի մեծնայ. որքան տոլարի պահանջքը շատնայ, այդքան պիտի բարձրանայ:

 

-Գիտենք, որ Սուրիոյ պետութիւնը բաւական մեծ գումարային եւ ոսկիի պահուստներ ունի: Արդեօք  ատոնց  շնորհիւ  երկիրը չի՞ կրնար դէմը առնել այս տնտեսական պատերազմին, որովհետեւ շատեր կ'ըսեն, որ այս եղածը իրապէս տնտեսական պաշարումի արդիւնք է:


Մենք ալ պատերազմէն առաջ այդպէս կը կարծէինք, որ կառավարութիւնը ոսկիի դրամի պաշար ունի, բայց հիմա չենք գիտեր ... եւ  նոյն հարցը կու տանք,  եթէ   իրապէս ոսկիիի մեծ   պաշարներ  կան, ինչո՞ւ  մէջտեղ չեն   հանուիր՝    բարելաւելու համար ժողովուրդին վիճակը։

 

-Հայ տնտեսվարողները ի՞նչ վիճակի մէջ են, ինչ մտահոգութիւններ ունին:  Քիչ  չէր  թիւը    մանաւանդ հալէպահայ  մեծահարուստներուն. արդեօք անոնք վերադարձի կամ իրենց գործարանները վերաբանալու կամ վերադառնալու  մասին կը մտածե՞ն,  այդ  մասին տեղեկութիւննե՞ր կան:


Հայ մեծ վաճառականները շատ նօսրացան, մեծամասնութիւնը գաղթեց, մնացողներն ալ լճացած են: Նաեւ չեմ կարծեր, որ անոնք որոնք գաղթեցին, 7-8 տարի դուրսը անցուցին, այլեւս կը վերադառնան, ըլլայ մեծ վաճառական կամ գործարար, շատ դժուար է վերադառնալը, նամանաւանդ Հալէպ, քանի որ Հալէպը  տակաւին հեռու է  բուժման  ընթացքի  մը մէջ մտնելու։

Շատեր կ՚ըսեն, Սուրիոյ ապագան շատ մութ է, եւ   կարծէք   այս մէկը իրականութիւն է։

Գաղտնիք ալ  չէ,  որ   Սուրիա   մնացողներուն մեծ մասը զղչացած են, որ  չհեռացան...։ Կան  մարդիկ՝ պարագաներու բերումով է, որ չկրցան դուրս գալ , եւ  հիմա կ'ըսեն՝ երանի ճար մը գտնէինք եւ ելլէինք, որովհետեւ երբ կը նայինք այս 7-8 տարուան  ընթացքին   գաղթողներու  վիճակին, մանաւանդ անոնց որոնք իրենց ունեցուածքը  ծախեցին եւ գաղթեցին, կը հասկնանք, որ շատ լաւ ըրին, որովհետեւ կալուածներու գիները այսօր անկում  կրած  են, եւ  եթէ մէկը հիմա վաճառէ իր տունը, տոլարի դիմաց, հազիւ ճամբու ծախսը կրնայ  գոյացնել։