image

Բազմաթիւ սփիւռքահայերու մօտ կոտրած ենք Հայաստան տեղափոխուելու կարծրատիպը. Գործարար

Բազմաթիւ սփիւռքահայերու մօտ կոտրած ենք Հայաստան տեղափոխուելու կարծրատիպը. Գործարար

Շուտով լոյս պիտի տեսնէ հրապարակախօս, գործարար Սեւակ Արծրունիի հեղինակած «Մեր հնարաւոր ապագան» խորագրով գիրքը, որ հանրութեան պիտի ծանօթացնէ անոր եւ համախոհներու ջանքերով սկիզբ դրուած «Կառուցէ Հայաստան» նախագիծի գաղափարախօսութեան եւ տեսլականի հետ«Արևելքի» հետ հարցազրոյցի ժամանակ Սեւակ Արծրունին ըսած է, որ գիրքին մէջ կ'արծարծուին այսօր հայութիւնը յուզող հարցեր, հայաշխարհի շատ խնդիրներ, իսկ «Կառուցէ Հայաստան» նախագիծը հայրենադարձութեան եւ ամուր տնտեսութեամբ Հայաստան ունենալու տեսլականն է, որ տարիներով փայփայած են շատերը: Ըլլալով Հայաստանի մէջ շինարարական հայրենադարձութեան հիմնադիր՝ Սեւակ Արծունին լաւ կը պատկերացնէ սփիւռքահայութեան տրամադրութիւնները՝ հայրենիք վերադառնալու եւ այստեղ հաստատուելու ուղղութեամբ: Այդ առումով ան կ'իրականացնէ բազմաթիւ ծրագիրներ, նշելով, որ այսօր, աշխարհի քաղաքական ու տնտեսական դրութիւնը այնպիսին է, որ հայերու համար հայրենիքը շէնցնելու պատեհ առիթ ստեղծուած է. «Ոչ միայն՝ Միջին Արեւելքի, այլեւ ամբողջ աշխարհի մէջ, նոյնիսկ հարուստ Եւրոպայի մէջ տնտեսական լճացում է: Եւրոպայէն գործարաններն ու աշխատատեղերը կը տեղափոխուին Ամերիկա եւ Ծայրագոյն Արեւելք: Այս պայմաններուն մէջ մենք կը յայտնուինք աննախադէպ մեծ պատեհութեան մը առջեւ, որու նպատակն է հայութեան ժողովրդագրական, տնտեսական եւ գիտելիքներու անսահման ներուժը տեղափոխել Հայաստան կամ առնուազն դարձնել հայաստանակեդրոն:

Մեր նպատակը պէտք է ըլլայ Հայաստանը դարձնել ոչ միայն բարեկարգ եւ բարգաւաճ երկիր, այլ նաեւ երրորդ հազարամեակի համաշխարհային քաղաքակրթութեան ջահակիր երկիր»,-ըսած է ան:

Գործարարի՝ հայրենիքի մէջ իրականացուցած ծրագիրներու շնորհիւ չորս տարուան ընթացքին մօտ 300 սփիւռքահայ ընտանիք հայրենադարձութեան նպատակով կառուցուած բնակարաններուն մէջ բնակարան ձեռք բերած է եւ արդէն կը բնակի, իսկ եւս 400 ընտանիք ալ կը սպասէ եւ  այդ բնակարանները պիտի ստանձնեն յառաջիկայ երկու տարին:

Հայրենադարձութեան ծրագրերը, ըստ անոր, Հայաստանի տնտեսութեանն ու հասարակութեան տուած են բազմաթիւ օգուտներ: Անոնցմէ գլխաւորը աշխատատեղերու ստեղծումն է:  Ակնյայտ է նաեւ, որ հասարակութեան մտածողութեան մէջ, հայրենադարձներու՝ Հայաստան գալով եւ նոր մշակոյթ բերելով, փոփոխութիւններ կատարուած են: Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ապրող սփիւռքահայերու մօտ նոյնպէս Հայաստանի մէջ հաստատուելու առումով, ըստ Սեւակ Արծրունիի, կտրուկ փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են, մինչ այդ, անոնց մօտ կարծրացած պատկերացում կար բնակարան ձեռք բերելու եւ հայրենադարձուելու ուղղութեամբ. Անոնց իրականացուցած ծրագրերով կոտրուած են կարծրատիպերը:

Սեւակ Արծրունին «Արեւելքի» հետ հարցազրոյցի ժամանակ խօսած է նաեւ «Կառուցէ Հայաստան» ծրագրի, Հայաստանի անկախութեան ձեռքբերումներու եւ այլ հարցերու շուրջ:

Հարցազրոյցը՝  այստեղ։