image
Հրատապ լուրեր:

«Մեր կեանքը դժուար եղաւ, ամէն քայլափոխի նահատակ տղուս պատկերը կը տեսնեմ ...» Հալէպահայ Անի Ելանկէօզեան (Լուսանկար)

«Մեր կեանքը դժուար  եղաւ, ամէն   քայլափոխի   նահատակ տղուս պատկերը  կը տեսնեմ ...» Հալէպահայ Անի  Ելանկէօզեան (Լուսանկար)

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ  հալէպահայ Անի Ելանկէօզեան:  Ան  Տէր-Զօրի մէջ  նահատակուած  Սուրիոյ    բանակի զինուոր Ճօրճ Ասսալի մայրն է։

 

-Տիկ. Անի, ներկայիս ինչպէ՞ս  է վիճակը Հալէպի մէջ. ի՞նչ են ժողովուրդի  դժուարութիւնները, հարցերը եւ  խնդիրները այս օրերուն:


Հալէպի վիճակը բաւականին լաւ է, բայց մենք, որ զաւակ կորսնցուցած ենք, դժուար կը դիմանանք այս վիճակին: Երբ որ փողոց իջնեմ,  տղուս ՝ նահատակ Ճօրճին  պատկերը կը տեսնեմ, թաղի ամէն անկիւնի մէջ իր յիշատակները կան, շատ դժուար է, չեմ կրնար բացատրել: Մենք միշտ յոյսով կ'ապրէինք, որ մեր զաւակը պիտի վերադառնար, բայց... ինչ ըսենք, այսպէս է զինուորութիւնը:

 

-Ձեզի համար մեծ վէրք  եղան  Հալէպի դէպքերը, պատերազմը,  զաւակ կորսնցնելը... ի՞նչ պայմաններու տակ եւ ո՞ւր զոհուեցաւ ձեր   որդին՞ 


Տղաս՝ ՃօրՃը երեք տարի եւ երեք ամիս առաջ նահատակուեցաւ Տէր-Զօրի Ճապալ Սերտէ   շրջանին  մէջ: Ան Սուրիոյ բանակի զինուոր էր եւ 6 տարի էր արդէն, որ իր զինուորական ծառայութիւնը կը կատարէր: Մեզի պատմեցին  թէ այդ դասակը, որուն մէջ կը ծառայէր   մեր տղան,  առաւօտեան ժամը ՝ 8:30ին զինուորական առաքելութեամբ  այլ շրջան մը  գացած էր,  ահաբեկիչները յարձակում  գործած են իրենց վրայ, ան  թնդանօթի վրայ եղած է, այսինքն երբ որ յարձակած են, ան  պատերազմած է ահաբեկիչներուն դէմ, եւ առտուայ ժամը 9:00ին նահատակուած  է:  Նահատակութեան   վայրը,  եղած է  Տէր Զօրի  «Ժապալ Սարտէ» շրջանը։ Զաւակս կորսնցուցի 4 յունիս, 2016-ին: Մենք լուրը առինք շաբաթ գիշերուայ ժամը 10:30 ին... այդպիսի լուր  ստանալը, դժուար էր, շատ դժուար...


-Այսքան պատերազմէ ու աւերէ  յետոյ, դուք կը մտածէ՞ք Սուրիայէն հեռանալ եւ ուրիշ երկիր երթալ, թէ՞ ձեզի համար Սուրիա մնալը վերջնական որոշում է:


Ես երկու զաւակ ունէի՝ Անթոնի եւ Ճօրճ, մեծ զաւակս 10 տարի էր, որ արտասահման էր, նոր եկաւ միացաւ մեզի:

Ճօրճիկի  նահատակուելէն ետք, այո՛ մեր վիճակը շատ դժուարացաւ: Բայց մեծ զաւակս եկաւ եւ համոզեց որ հայրենիք փոխադրուինք, եւ որոշեցինք Հայաստան երթալ: Հոս դժուար եղաւ ապրիլը ամէն տեսակով, ցաւը մեծ է, վէրքը անբուժելի, կեանքը դժուար:

Մօտ օրէն պիտի երթանք Հայաստան, հոն ալ չենք գիտեր ինչպէս պիտի դասաւորուի մեր կեանքը, բայց մեր հայրենիքն է:


- Հիմա որ կը նայիք անցեալին, ի՞նչ կը մտածէք որպէս մայր. Ի վերջոյ ձեր զաւակը կռուեցաւ ահաբեկիչներուն դէմ, որպէս հայ մայր ի՞նչ պատգամ ունիք, ի՞նչ զգացումներ ունիք, այս դէպքէն ետք:


Ես զաւակ կորսնցուցած մայր եմ, ճիշդ է նահատակի մայր եմ, բայց վէրքը շատ խորունկ է, սփոփելը՝ դժուար: Ես դեռ նոր, հազիւ թէ սկսած եմ համոզուիլ, որ տղաս  ալ պիտի չգայ ...։ Իբր   նահատակի  ծնողներ    մենք հպարտ ենք իրմով, ան ահաբեկիչներուն դէմ կռուելով նահատակուած է, թնդանօթի վրայ ըլլալով: Հերոս մը կորսնցուցինք, բայց ինք միշտ պիտի ապրի մեր սրտերուն մէջ: 


-Հայութիւնը ապագա՞յ ունի Սուրիոյ մէջ, որեւէ ձեւով կը մտահոգուի՞ք Սուրիոյ հայութեան ապագայով, մտավախութիւններ ունի՞ք։


Այսօր  Սուրիոյ մէջ հայութեան թիւը նուազած է,  եւ կեանքը առաջուան նման չէ. Կեանքը  դժուարացաւ։ Իսկ ինչ կը վերաբերի  ապագային, ապա այդ մասին յստակ  պատասխան մը չունիմ, միայն  գիտեմ, որ իւրաքանչիւրը իր պայմաններով կը շարժի:  Այլ խօսքով, անոնք,  որ  կրնան,  հոսկէ կը մեկնին, իսկ անոնք,  որ  որոշ  պայմաններու բերումով ստիպուած են  այստեղ   ապրիլ, իրենց կեանքը կը շարունակեն  Սուրիոյ մէջ։ 

 

 

 

 

Սուրիոյ  բանակի   նահատակ զինուոր   Ճօրճ Ասսալի   ծնողները՝ Սուրիոյ առաջին Տիկին  Ասմաա Ասատին հետ