image

Եթէ Սուրիոյ հիւսիսի հայերը չեն ուզեր Հայաստան գալ, ուրեմն այդ մեր ամենամեծ ձախողութիւնն է. Սեւակ Արծրունի

Եթէ Սուրիոյ հիւսիսի հայերը չեն ուզեր Հայաստան գալ, ուրեմն այդ մեր ամենամեծ ձախողութիւնն է. Սեւակ Արծրունի

Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանին Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւնները կրկին թէժ իրավիճակ ստեղծած են տարածաշրջանին մէջ: Հայաստանը, այլ երկիրներու շարքին դատապարտելով թրքական ներխուժումը, կոչ ըրած է միջազգային հանրութեան՝ միջոցներ ձեռնարկելու ռազմական գործողութիւնը դադրեցնելու եւ Թուրքիոյ սահմանի երկայնքով Սուրիոյ քաղաքացիներուն, այդ շարքին՝ ազգային փոքրամասնութիւններուն եւ անոնց իրաւունքները պաշտպանելու ուղղութեամբ։ Սակայն տեղի ունեցածը շատ աւելին է, քան՝ կոչերն ու դատապարտումները, մանաւանդ՝ Թուրքիան կը շարունակէ իր գործողութիւնները, եւ նշուած շրջաններուն մէջ ուղղակիօրէն վտանգուած է նաեւ այնտեղ ապրող հայութեան ճակատագիրը: Այս թեմաներու շուրջ «Արեւելք»ը զրուցած է գործարար  Սեւակ Արծրունիի հետ.

 

-Պարոն Արծրունի, ինչպէ՞ս կը գնահատէք Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքի քրտաբնակ շրջաններու վրայ թրքական յարձակումը:


Պատահածը սպասելի էր. Սուրիոյ ճակատագիրը երկար ժամանակ է կ'որոշուի միջազգային մեծ պետութիւններու կողմէ, պայքար կ'երթայ երկու տեսակէտներու՝ համաշխարհայնական եւ ազգայնական գաղափարախօսութիւններու միջեւ:  Այստեղ կարծես թէ կ'իրականացուի ազգայնական ուժերու նախագիծը, այսինքն համաձայնութիւն կայ Թրամբի, Փութինի, Ասատի եւ Էրտողանի միջեւ՝ թրքական գործօնը համաշխարհայնականներու ձեռքէն «խլելու» եւ հիւսիսային Սուրիոյ քրտական  շրջաններու ժողովրդագրական պատկերը փոխելու: Ես կը կարծեմ, այսինքն՝ վստահ եմ, որ  այնտեղ առաջիկայ տասնամեակին ժողովրդագրական թիւը կը փոխուի եւ այդ շրջաններուն մէջ մեծամասնութիւն կը կազմեն սիւննիները՝ ոչ քիւրտ սիւննիները:  Թերեւս ոմանք կրնան համաձայն չըլլալ  այս հեռանկարի հետ, բայց բոլորն ալ չեն կրնար հաշուի չնստիլ այն իրողութեան հետ, որ սուրիական խնդիրը դեռ շարունակութիւն պիտի ունենայ, այնտեղ դեռ նոր բախումներ, նոր աշխարհաքաղաքական ընդհարումներ, նոր ուժերու դասաւորումներ պիտի ըլլան, եւ այդ տարածաշրջանը դեռ երկար ժամանակ խաղաղ բնակչութեան համար ոչ բնակելի կամ դժուար բնակելի տարածաշրջան պիտի համարուի:  Ուրեմն, եկէք  յենուինք այս փաստի եւ ոչ՝ աշխարհագրական վերլուծութեան վրայ:  

 

-Հայութեան համար  այսօր զգայուն թեմայ է այդ շրջաններուն մէջ բնակող հայերու ճակատագիրը: Դուք ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք հայութեան յետագայ ճակատագիրը այդտեղ, մանաւանդ՝ Գամիշլիի եւ մերձակայ հատուածներուն մէջ,  ի՞նչ ապագայ կը սպասուի հայկական Գամիշլիին:


Մեզի համար, այո՛, առաջնահերթ է հասկանալ, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ այդ շրջաններուն մէջ ապրող հայութեան ճակատագիրը: Առհասարակ, ոչ միայն՝ Գամիշլիի, այլ նաեւ՝ սուրիահայութեան ճակատագիրը, Լիբանանի հայութեան,  Մերձաւոր Արեւելքի բոլոր երկիրներու հայերու ճակատագիրը, ներառեալ՝ Պարսից ծոցի երկիրներու մէջ ապրող մեր հայրենակիցներու ճակատագրերը: 

Տխուր է, որ Հայաստանը կրկին, այս անգամ ալ՝ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան օրօք, չունի այդ երկիրներու բնակիչները Հայաստան տեղափոխելու ուղղութեամբ ծրագիրներ: Իսկ մենք տեսած ենք, թէ անցեալին ինչպէս զգալի թիւով սուրիահայեր եւ լիբանանահայեր եկան Հայաստան, եւ մեծ մասը մեկնեցաւ, քանի որ իրենց համար այստեղ չկան համապատասխան ծրագիրներ…

Հիմա հիւսիսային Սուրիոյ հայութեան անդրադառնալով, ըսեմ, որ այդտեղի հայութիւնը, ինչպէս գիտէք, գիւղատնտեսութեան մօտ գտնուող եւ շատ աշխատասէր ժողովուրդ է, ստեղծագործ, նոյնքան ստեղծագործ, որքան՝ հալէպահայութիւնը, բայց առ աւելի, այն իմաստով, որ այդտեղի հայերը աւելի շատ հողին, տնտեսութեան, գիւղատնտեսութեան կառչած մարդիկ են:  Այսինքն, անոնց վերաբնակեցումը Հայաստանի մէջ կրնար արդէն  նախապատրաստուած ըլլալ նախապէս, եւ եթէ Հայաստանի մէջ ըլլային իրատեսական ծրագիրներ, գիւղատնտեսութեան առընչուող կայուն ծրագիրներ, ապա այսօր այդ հայութիւնը այստեղ տեղափոխելը շատ հեշտ կ'ըլլար:

Այսօր բնակչութիւնը կեդրոնացած է Երեւանի մէջ եւ այդ խնդիր է. այստեղ եկած հալէպահայութիւնը չհամաձայնեցաւ բնակիլ Երեւանէն դուրս, որովհետեւ քաղաքաբնակ է, քաղաքային միջավայրէ եկած է… Իսկ Սուրիոյ նշուած շրջաններու հայութիւնը գիւղաբնակ է, եւ անոնց  կարելի է մեծ յաջողութեամբ առաջարկել ինչ-որ զարգացման ծրագիր՝ կայուն գիւղատնտեսութեան հեռանկարով: Ես պարզապէս այս առիթը օգտագործելով կոչ կ'ուղղեմ մեր հայրենի իշխանութիւններուն՝ այս դէպքերէն  դասեր քաղելու. առաջին հերթին, որ ամէն ինչ պէտք ըլլայ կանխամտածուած, նախատեսուած: Մերձաւոր Արեւելքի հայկական համայնքները, արդէն տասնամեակ է՝ վտանգուած են, եւ անոնք, ուզեն թէ չուզեն, վաղ թէ ուշ, պիտի տարհանուին այդ տարածքներէն: Եւ այնքան ժամանակ, ինչքան մենք պատրաստ եւ կարող չըլլանք անոնց ընդունելուն, անոնց պիտի կորսնցնենք նախ որպէս հայրենակիցներ, եւ նաեւ պիտի կորսնցնենք անոնց դրամագլուխը, որպէս հայաշխարհի կարեւոր դրամագլուխ, այս պարագային ոչ թէ միայն նիւթական, այլ աւելին՝ գիտելիքներու եւ փորձառութեան դրամագլուխը, որ նոյնպէս շատ կարեւոր է: Մենք գիտենք, որ հալէպահայութիւնը իր հետ Հայաստան բերած է ճաշարանային մշակոյթի տարբեր փորձառութիւն, իր ներդրումը ունեցած է այդ ասպարէզին մէջ եւ նաեւ անոնց այդ ներդրումէն ետք է,  որ Հայաստանի մէջ այլ ընթացք ստացած է ճաշարանային ոլորտը, որ զբօսաշրջութեան կարեւորագոյն օղակներէն մէկն է, եւ սուրիահայերու այդ ներմուծումներէն Հայաստանը շատ շահած է: Հալէպահայութիւնը Հայաստանի մէջ նաեւ փոքր արդիւնաբերութեան բնագաւառի մէջ իր ազդեցութիւնը ունեցած է եւ դեռ պիտի ունենայ… Իսկ հիւսիսային Սուրիոյ ժողովուրդի պարագային կարելի է այլ ակնկալիքներ ունենալ, բայց ոչ՝ տարերայնօրէն գործելով եւ ոչ այդ հարցերը թողելով մարդից վիզին, այլ՝ պետական ծրագիրներու միջոցով, պետական համակարգի եւ մեծ պիզնեսի համատեղ ու համակարգուած գործունէութեամբ: Այնպէս որ շատ բան կարելի է ընել այդ շրջաններու հայերը Հայաստան բերելու, անոնց հայրենադարձութիւնը կազմակերպելու առումով, անընդունելի է անոնց թողել իրենց ճակատագրին, տարերային քայլեր ընել… Յստակ ծրագիրներ պէտք է կազմուին, որ այդ մարդիկ գան եւ մէկանգամէն Հայաստան հաստատուելու,  աշխատանք ունենալու եւ զարգանալու,  երկիրն ալ իրենց հետ զարգացնելու բոլոր հնարաւորութիւնները ունենան: Ես չեմ գիտեր՝ եթէ այս կոչը մեր իշխանութիւններուն կը հասնի՞ եւ անոնք ինչ որ բան կը նախաձեռնե՞ն…  Եթէ այս անգամ արդէն ուշ է, ապա այս անգամ-ը պէտք է ըլլայ համահայկական դաս՝ յետոյ-ի համար, եւ մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք աշխարհի տասը միլիոն հայութիւնը մեր մօտ ընդունելու եւ անոնց ներուժը մեր մօտ կազմակերպելու համար: Սա իմ տեսակէտն է, եւ պէտք չէ սպասել, որ ամէն անգամ բան մը պատահի, մենք ամէն անգամ նոյն հարցը տանք՝ ի՞նչ պիտի ընեն այս մարդիկ, այս սփիւռքահայերը, որոնք անտէր են: Եւ իրականութեան մէջ այսօր մեր հայութիւնը յայտնուած է շատ վատ դրութեան մը մէջ, որովհետեւ դիմացը թուրքերն են, միւս կողմն ալ՝ դաւաճանուած, լքուած քիւրտերը, եւ ինչքան ալ այսօր հայ-քրտական յարաբերութիւններու, բարեկամութեան մասին կը խօսինք, բայց ամէն պարագայի, քիւրտերը հայութեան պիտի նային որպէս դաւաճանած կողմ կամ հնարաւոր դաւաճան, ազգայնական քիւրտերն ալ պիտի փորձեն հայկական ուենցուածքին տէր դառնալ: Այնպէս որ դժուար եւ բարդ իրավիճակ է, որ աւելի կը բարդանայ այն պատճառով, որ մենք անգամ մը եւս բացարձակապէս պատրաստուած չենք, նման պարագաներու համար մեզի համար լուծումներ չենք պատրաստած:

 

-Տեսակէտներ կան, որ այդ շրջաններու հայերը չեն ուզեր գալ Հայաստան եւ նոյնիսկ չեն ուզեր հեռանալ իրենց բնակավայրերէն: Այդ մասին ի՞նչ կ'ըսէք:


Նախ իրենց ուզելով չէ, իրենք արդէն կը տարհանուին այդ վայրերէն:  Ըստ որոշ տեղեկութիւններու, արդէն շատ հայ ընտանիքներ Հալէպ տեղափոխուած են, իսկ Հալէպէն, ժամանակի ընթացքին եթէ չկարողանան իրենց հայրենի բնակավայրերը վերադառնալ, ապա պիտի արտագաղթեն կամ դէպի Պէյրութ ու Հայաստան, կամ ալ արտասահման պիտի երթան:  Իսկ անոնց զանգուածային  Հայաստան բերելու նպատակ ու ծրագիր եթէ ըլլայ, մեծ հաճոյքով կու գան Հայաստան:  Բայց փորձը ցոյց տուած է, որ անցեալին մեծ խումբերով եկած սուրիահայերը շատ չարչարուած են, մէկ մասը վերաարտագաղթած է, իսկ մնացողներն ալ երկար պայքարէ ետք միայն կրցած են տան կամ աշխատանքի տէր դառնալ, այն ալ՝ ոչ պետական ծրագիրներու շնորհիւ:  

Այս շրջաններու հայերը, անշուշտ, չեն ուզեր գալ, եւ այդ է մեր ամենամեծ ձախողութիւնը, նաեւ՝ հայրենի  բոլոր իշխանութիւններու եւ մեր պիզնես սեկտորի բոլոր գործիչներու, որ ձեռնածալ նստեր ենք եւ կը սպասենք, որ այսպիսի պահերուն սկսինք կարծիք յայտնել եւ մեր երեւակայութեան ուժ տանք, թէ ի՛նչ պէտք է եղած ըլլար, որ այդ մարդիկ գային. ամենապարկեշտները այսպիսի  հակազդեցութիւն կ'ունենան, իսկ անպարկեշտները կ'ըսեն՝ իրենք չեն ուզեր Հայաստան գալ… Ո՛չ, այդպէս չէ, իւրաքանչիւր հայ, եթէ աւելի լաւ ապրելու հնարաւորութիւն ունենայ, մեծ հաճոյքով կ'ապրի իր սեփական հայրենիքին մէջ, փոխանակ ապրի օտարի օրէնքի եւ լուծի տակ՝ իրեն զգալով երկրորդ կարգի քաղաքացի: