image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութի միջազգային օդակայան տանող ճանապարհը փակուած է

Պէյրութի միջազգային օդակայան տանող ճանապարհը փակուած է

Պէյրութի միջազգային օդակայան տանող երթուդարձի գլխաւոր մայրուղին քիչ առաջ փակուած է: Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց լիբանանեան MTV կայանը:

Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ բանակը կարեւոր միջոցառումներ կ'իրականացնէ վերաբանալու համար մայրաքաղաք Պէյրութի կարեւորագոյն մայրուղիներէն մէկը համարուող եւ օդակայանը Պէյրութին կապող գլխաւոր մայրուղին:

Յիշեցնենք, որ երէկ երեկոյեան ժամերէն սկսեալ բողոքի լայնածաւալ ցոյցեր տեղի կ'ունենան Պէյրութի տարբեր շրջաններուն մէջ:

Լիբանանցի մեծամասնութեամբ երիտասարդ ցուցարարներ կը պահանջեն վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ անոր կառավարութեան արագ հրաժարականը: