image

«Այս ցոյցերը Լիբանանի համար թթուածինի դեր կատարեցին, բայց կարեւորը արդիւնքն է» Սեպուհ Հաւաթեան

«Այս ցոյցերը Լիբանանի համար թթուածինի  դեր  կատարեցին, բայց կարեւորը   արդիւնքն է» Սեպուհ Հաւաթեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ երիտասարդ Սեպուհ  Հաւաթեանը.

 

-Որպէս լիբանանահայ երիտասարդ, որ    ականատես ալ եղած է Լիբանանի քաղաքացիական   պատերազմի վերջին  փուլին, ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք  այսօր  ընթացող  ցոյցերը, անոնք կը տարբերի՞ն անցեալի   բողոքի   ցոյցերէն։


Այս ցոյցերը տարբեր կ'երեւին, քանի որ բոլոր ժողովուրդը կը մասնակցի անոնց, անկախ իրենց պատկանելիութենէն,  առաջին անգամ ըլլալով անոնք բոլոր ղեկավարներուն դէմ կը խօսին։ Ինչպէս կ'երեւի, ոչ մէկ կուսակցութիւն կայ   այս ցոյցերու  ետին,   ժողովուրդը ինքնաբուխ, իր առօրեայ պահանջքներուն համար իջած է փողոց: Հիմա թէ ինչ տեսակ աւարտ պիտի ունենան, չենք գիտեր, քանի որ մէկ հարց մըն ալ կայ, որ այս ցոյցերը բնաւ կազմակերպուած չեն, դեռ յայտնի չէ, թէ ժողովուրդը  յստակ ինչ կ'ուզէ,  բան մը որ հարցման նշաններու տեղիք կրնայ տալ։  

 

-Դուք որպէս լիբանանահայ, խանդավա՞ռ էք Լիբանանի ապագայով, արդեօք այս ցոյցերը   պիտի  բուժե՞ն Լիբանանի վէրքերը:


Նախ  ըսեմ, որ այս  ցոյցերը  առաջին  են, որոնք նաեւ իմ բողոքներս    փողոց իջեցուցին, հետեւաբար    այդ   ցուցարարները   նաեւ իմ բողոքներս   կը յայտնեն։ Լիբանանի մէջ  միշտ ալ ցոյցեր եղած են,   բայց  ոչ մէկ անգամ հետաքրքրուած եղած եմ այդ ցոյցերով։  Կարեւոր է նաեւ նշել,  որ այս  ցոյցերը    յոյսի  նոր    պատուհան բացին  բոլոր լիբանանցիներուն համար, որովհետեւ զուրկ էին  քաղաքական   գունաւորումներէ։

 

-Կառավարութեան հրաժարականէն ետք ի՞նչ կրնայ կատարուիլ երկրին մէջ:


Եթէ կառավարութիւնը հրաժարի, չեմ գիտեր ինչ կրնայ պատահիլ, քանի ինչպէս ըսի, չկայ յստակ տեսլական մը, թէ ինչ պիտի ընեն վերջաւորութեան: կ'ըսեն որ պէտք է  թալանուած  գումարները  պետական   գանձանական  պէտք է  վերադարձուին եւայլն, բայց այս բաները իրական գետնի վրայ իրականացնելը դիւրին չէ, թերեւս պէտք է զինուորական կառավարութիւն մը կազմուի,  եւ  երկրին մէջ ալ արտակարգ դրութիւն մը հաստատուի։

 

-Որպէս  երիտասարդ  գործարար, ապագադ Լիբանանի մէջ կը տեսնե՞ս:


Ոչ, Լիբանանի մէջ չեմ տեսներ ապագաս, որովհետեւ իրականութեան մէջ յոյս չկայ այս երկրին վրայ: Հիմա այս եղածը   թթուածինի   պէս   բան մըն  է մեզի համար, բայց նայինք վերջաւորութեան ինչպէս պիտի աւարտի: Արդեօք  այս ցոյցերը   պատճառ պիտի դառնա՞ն, որ մեղսակիցները  եւ յանցագործները    բանտերը դրուին եւ իրապէս իրապէ՞ս պիտի վերադարձնեն իրենց գողցածները... Եթէ այդ  բոլորը ըլլան, թերեւս կը մնամ այս երկրին մէջ, բայց եթէ չըլլան, ես ապագաս բնաւ այս երկրին մէջ չեմ տեսներ, եւ իրականութեան մէջ չեմ ալ հաւատար որ  այդ ամէնը կ՚իրականանայ։