image

Անծանօթներ կրակ բացած ու սպաննած են Գամիշլիի հայ Կաթողիկէ Տէր Հայր՝ Տ. Յովսէփ քհնյ. Պետոյեանն ու Տիրահայրը

Անծանօթներ կրակ բացած ու սպաննած են Գամիշլիի հայ  Կաթողիկէ  Տէր Հայր՝   Տ. Յովսէփ քհնյ. Պետոյեանն ու  Տիրահայրը

Ծանր ոճիր մը   ցնցած է  Գամիշլիի հայութիւնը։ Այս մասին  «Արեւելքի» տեղեկութիւն ստացաւ    Գամիշլիի  իր  աղբիւրէն մեր  աղբիւրը հաղորդեց, որ Գամիշլիի    Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Յովսէփ ժողովրդապետութեան  հոգեւոր հովիւ    Յովսէփ քահանա   Պետոյեան  սպաննուած է   Տէր Զօրի մէջ։

Կը նշուի նաեւ, որ    անծանօթ զինեալներ   կրակ բացած  են Տէր հօր    ինքնաշարժին վրայ  ու տեղն  ու տեղը սպաննած են զինք։

Ինքնաշարժին մէջ եղած է  Տէր  Հօր  հայրը, որ, վիրաւորուելով,  աւելի ուշ նոյնպէս կնքած է իր մահկանացուն։

Մինչեւ այս  պահը    անյայտ կը շարունակեն մնալ  անարգ  եւ դատապարտելի ոճիրին  դրդապատճառները։

Մեր  ունեցած  տեղեկութիւններով Տէր Զօրի մէջ  այսօր կ՚ապրին մի քանի   հայ ընտանիքներ, եւ  Տէր Հայրը  այդ քաղաքը  մեկնած էր   մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու դժուար պայմաններու  մէջ գտնուող մեր հայրենակիցներուն։

Տէր Հօր     վերջին   օծման  եւ յուղարկաւորութեան  թուականի  մասին  կը հաղորդենք  լրացուցիչ։