image

Նահատակուած քահանային հրաժեշտի արարողութիւնը այսօր` կէսօրին

Նահատակուած    քահանային   հրաժեշտի  արարողութիւնը  այսօր`  կէսօրին

Տէր  Զօրի   մէջ  ահաբեկչական յարձակման ենթարկուած եւ  սպաննուած   հայր եւ որդի  Պետոյեաններու վերջին  հրաժեշտի  արարողութիւնը  պիտի կատարուի  այսօր ՝ երեքշաբթի   կէսօրին։

Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  Գամիշլիի հայ կաթողիկէ համայնքին  մօտիկ կանգնած  աղբիւրէ մը։ 

Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ  քահանայ հօր   վերջին  օծման  եւ   յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կայացուի  կէսօրուան ժամը 12:00-ին` Գամիշլիի հայ կաթողիկէ Սուրբ Յովսէփ  առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ։

«Արեւելք» աւելի վաղ  յայտնած էր Յովսէփ քհնյ.   Պետոյեանին  ու անոր հօր սպաննութեան լուրը։ Ամբողջ հայութեան  համար մեծ  վիշտ  յառաջացուցած  

լուրին պատասխանատւութիւնը ստանձնած էր «Տահէշ» ահաբեկչական խմբաւորումը։