image

Լիբանանի բողոքի ալիք օր 36. Սպասողական վիճակ.Աուն «Անկախութեան ուղերձ» պիտի յղէ լիբանանցիներուն

Լիբանանի   բողոքի  ալիք   օր  36. Սպասողական  վիճակ.Աուն «Անկախութեան  ուղերձ» պիտի յղէ  լիբանանցիներուն

Մինչ  Լիբանան կը պատրաստուի ոչ այնքան տօնական մթնոլորտի մը մէջ դիմաւորել     անկախութեան 76-րդ  տարեդարձը,  անդին    բողոքարարները    կ՚ապրին   սպասողական  վիճակ մը։

Երէկ   երկրին  հեռաւոր  շրջաններուն  մէջ տեղի ունեցան    բողոքի  հաւաքներ, սակայն ընդհանուր առմամբ    վիճակը  կայուն եւ խաղաղ է։

Կը  սպասուի նաեւ, որ  վաղը՝   22       նոյեմբերի  անկախութեան օրը,  ցուցարարները       աշխոյժ ձեւով   դարձեալ ողողեն  Պէյրութի    կեդրոնական  հրապարակները,   հնչեցնելու  իրենց    կարեւորագոյն պահանջը, որն է՝ կազմել  անկախներու կառավարութիւն։

Նոյն ծիրին մէջ կը սպասուի, որ  երկրի  նախագահ  զօր. Միշէլ  Աուն այսօր երեկոյեան  հանդէս գայ պատկերասփռուած  ելոյթով մը եւ իր  պատգամը տայ լիբանանցիներուն։