image

Արիւնալի գիշեր Հալէպի մէջ. Կան զոհեր եւ 40-է աւելի վիրաւորներ

Արիւնալի գիշեր Հալէպի  մէջ. Կան   զոհեր եւ  40-է  աւելի  վիրաւորներ

Երէկ   դարձեալ   ծանր գիշեր մը եղած է  Հալէպի  մէջ։  Այս  մասին տեղեկութիւններ տրուած  են Հալէպի մասին լուրեր տարածող ընկերային  ցանցի   էջեր։

Կը հաղորդուի,  որ ահաբեկիչներ   հերթական անգամ թիրախ  դարձուցած  են Հալէպի     «Սալահ  Ալ Տին»  շրջանն ու անոր  յարակից   թաղամասերը։

 Հարուածներ ստացած է   նաեւ  Հալէպի «Ժամիլիյէ»  շրջանը, որ կը համարուի  քաղաքի   կեդրոնական   շրջաններէն մին։

 

Ըստ  նախնական տուեալներու    երէկ եղած    գրոհներուն    հետեւանքով    զոհուած են   անձեր, իսկ  վիրաւորներուն   թիւը անցած է 40-ը։

 

Վիրաւորներուն  մէջ  կան  երեխաներ,   կարգ մը վիրաւորներու վիճակը   կը գնահատուի   բաւական  ծանր։

 

 

 Գլխաւոր  լուսանկարը՝  արխիւէն