image

Սուրիա.Ամերիկեան Տոլարը կը վաճառուի 835 ոսկիով ու դարձած է անգտանելի

Սուրիա.Ամերիկեան   Տոլարը  կը վաճառուի  835 ոսկիով  ու դարձած է անգտանելի

Սուրիոյ  մէջ  ամերիկեան տոլարը  գրեթէ անգտանելի է։ Այս  մասին «Արեւելք»ին հաղորդեց դամասկահայ   գործիչ  Վահէ Մահշիկեանը։ Մահշիկեան  նշեց, որ այս   առաւօտ   մինչ տոլարին հաստատուած սակը   835   սուրիական    ոսկի է,  սակայն   այդ    գիներով   տոլար   գնելը   դարձած է անհնարին։ Մահշիկեան այս առումով մասնաւորապէս ըսաւ «Մարդիկ,  եւ յատկապէս անոնք, որ կարիքն ունին ամերիկեան տոլարի,  պատրաստ են մինչեւ  հազար սուրիական վճարել  ամերիկեան  տոլար  ստանալու համար, սակայն  այդ ալ  դարձած է անհնար»։

Մահշիկեանի  կարծիքով     Սուրիոյ  մէջ  առկայ տնտեսական   տագնապը   կապ ունի   Լիբանանի  զարգացումներուն     եւ սուրիացի  մեծ  դրամագլուխներ  ունեցող  գործարարներու      հարեւան երկրին մէջ   մեծ գումարներու   պահ դրուած  ըլլալուն  հետ։

Յիշեցնենք, որ  «Արեւելք»  այս մասին  գրած է  աւելի վաղ  յղում տալով «Ռօյթըրզ»  լրատուական  գործակալութեան,  որ  նոյնպէս  նշած է  թէ սուրիական  դրամին արժեզրկումը   անմիջական կապ ունի   Լիբանանի  մէջ ծայր առած  տագնապին հետ։