image

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներու հանդիպումը

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներու հանդիպումը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն կը յայտնեն, որ 4 Դեկտեմբերին, ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ, ԵԱՀԿ-ի 26-րդ Նախարարական խորհրդաժողովի ծիրին մէջ, Պրաթիսլավայի մէջ տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Էլմար Մամետեարովի եւ Զօհրապ Մնացականեանի հանդիպումը։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հրադադարի ամրապնդման,  յաջորդ տարուան սկիզբը համատեղ աշխատանքը շարունակելու ծրագիրները:

ՀՀ ԱԳ նախարարը ընդգծած է ժողովուրդներուն խաղաղութեան նախապատրաստելու պայմանաւորուածութիւններու ծիրէն ներս արձանագրուած համեստ արդիւնքը` Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի լրագրողներու փոխանակման ծրագրի իրականացման միջոցով: Դիտարկուած է այդ պարունակին մէջ լրագրողներու, հասարակութիւններու միջեւ նմանօրինակ ուղիղ շփոիմի շարունակման հնարաւորութիւնը: Միաժամանակ ընդգծուած են վստահութեան ամրապնդման այլ միջոցառումներու ներդրման կարեւորութիւնը:

Անդրադառնալով նախօրէին Արցախի ԱԳ նախարարին հետ Երեւանի մէջ ունեցած հանդիպման ընթացքին` նախարար Մնացականեան եւս մէկ անգամ ընդգծած է Արցախի իշխանութիւններու ուղիղ ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս կարգաւորման բովանդակային հարցերու շուրջ: