Անհնար կ'ըլլար պատկերացնել, որ Գերմանիան ըլլաար ՆԱԹՕ-ի մաս, եթէ ան չճանչնար նացիստական յանցագործութիւնները՝ ներառեալ Հոլոքոսթը: Այս մասին Delfi պարբերականին իր յօդուածին մէջ նշած է վերլուծաբան Վլատիմիրաս Լաուչիուսը՝ զուգահեռ տանելով Հայոց ցեղասպանութեան ճանչցուած չըլլալու հետ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք յօդուածի թարգմանութիւնը:
«Այնուամենայնիւ, Թուրքիան, որ չուզեր խոստովանիլ, որ ցեղասպանութիւն գործած է քրիստոնեայ ժողովուրդներու՝ հայերու, ասորիներու եւ յոյներու դէմ, ՆԱԹՕ-ի անդամ է:
Հիւսիսաթլանթեան պայմանագրի նախաբանին մէջ ըսուած է, որ պայմանագրի կողմերը «վճռական են պաշտպանելու իրենց ժողովուրդներու ազատութիւնը, ընդհանուր ժառանգութիւնը եւ քաղաքակրթութիւնը, որոնք հիմնուած են ժողովրդավարութեան, անհատական ազատութեան եւ օրէնքի գերակայութեան վրայ»:
Վերոնշեալ սկզբունքներէն որմէ՞կը կը պահպանէ Թուրքիան: Ինչպէ՞ս կարելի է պահպանել այն քաղաքակրթութիւնը, որուն ան չի պատկանիր կամ պահպաներ այն սկզբունքները, որոնց այդ երկրին մէջ հազիւ կը հետեւին:
Եթէ ՆԱԹՕ-ի անդամ դառնալու համար անհրաժեշտ է պարզապէս ունենալ զօրաւոր բանակ, առերեւոյթ ժողովրդավարութիւն եւ արեւմտեան երկիրներու հետ որոշ ընդհանուր շահեր, ապա ինչպէ՞ս պատահած է, որ Ռուսաստանը դեռ ՆԱԹՕ-ի մաս չէ:
Ոմանք կրնան ըսել, որ Ռուսաստանը կը խախտէ անձեռնմխելիութեան սկզբունքները Հարաւային Օսիայի եւ Ուքրանիոյ մէջ, այնուամենայնիւ, ՆԱԹՕ-ի երկիրներու համար սա, կարծես, այլեւս անյաղթահարելի բարոյական եւ իրաւական խնդիր չէ 1974 թուականէն ետք, երբ թրքական զօրքերն գրաւեցին Հիւսիսային Կիպրոսը:
Այժմ Թուրքիան նաեւ հնարաւորինս կը գրաւէ Սուրիոյ տարածքը, Ռուսաստանի հետ բանակցութիւններ կը վարէ նաեւ պարեկային գօտիներու համար:
Իսկ ի՞նչ կ'ըսէք սպառազինութեան եւ ռազմական համատեղելիութեան խնդրին: Թուրքիոյ կողմէ ռուսական S-400 հրթիռային համակարգեր գնելէ եւ ՍՈՒ-57 կործանիչներ գնելու հարցը դիտարկելէ ետք, այլեւս, կարծես թէ, Ռուսաստանի՝ ՆԱԹՕ-ին ընդելուզելու հարցը լուրջ խոչընդոտ չէ: Ակնյայտ է, որ սպառազինութիւններու եւ թուրքերու միջոցով իրականացուող անուղղակի ընդելուզումն արդէն կ'ընթանայ:
Ռուսական իշխանութիւնները չեն ճանչնար խորհրդային յանցագործութիւնները եւ կ'արդարացնեն Սթալինի վայրագութիւնները: Թուրքիան ճիշդ նոյնը կ'ընէ՝ չընդունելով, որ ծրագրած եւ իրագործած է հայկական, ասորական եւ յունական ցեղասպանութիւնները` ուղղորդուած զանգուածային սպանութիւններով, խոշտանգումներով եւ անապատային աքսորներով: Աւելին, թրքական օրէնսդրութիւնը թոյլ կու տայ քրէական հետապնդում իրականացնել այն մարդոց նկատմամբ, որոնք կը հաստատեն թուրքերու կողմէ իրականացուած ցեղասպանութիւնները` պնդելով, որ այն կը վիրաւորէ թուրք ժողովրդը: Սա շատ նման է Վլատիմիր Փութինի ռուսական օրէնքին եւ այդ երկրի պատմութեան գաղափարական քարոզչութեան:
Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեայ ժողովուրդներու ցեղասպանութիւնը` դաժանութեան, կտտանքներու եւ գաղափարական արդարացման առումով, շատ նման է նացիստներու կողմէ իրականացուած հրէական Հոլոքոսթին: Օրինակ՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ մեծ համբաւ ունեցող բժիշկ Մեհմետ Ռեշիտը յայտնի էր անով, որ հայերուն կը վերաբերէր որպէս երկրորդ կարգի մարդիկ՝ անոնց ստորադասելով, իր կարծիքով, աւելի առաջադէմ մահմետականներէն:
Ան կը հրամայէր պայտել հայ աքսորեալները, որպէսզի աւելի զուարճալի ըլլայ աքսորի ճանապարհին անոնց նայիլը: Ան նաեւ կը սիրէր խաչել անոնց՝ հաշուի առնելով հայկական կրօնը: 1978-ին, Թուրքիոյ մէջ, ՆԱԹՕ-ի անդամ երկրի մէջ, հրատարակուեցաւ հանրագիտարան, որ կը նկարագրէ Մեհմետ Ռեշիտը որպէս «մեծ հայրենասէր»:
Իրենց նացիստական ապագայ գործընկերներու նման, թուրք բժիշկները դաժան փորձեր կ'իրականացնէին «երկրորդ կարգի» մարդոց վրայ: Օրինակ՝ հայերուն կը ներարկէին տիֆի տենդով հիւանդներու արիւն՝ անոր դէմ պատուաստանիւթ որոնելու համար: Վերոնշեալ փորձարկումներով յայտնի բժիշկի համար Պոլսոյ մէջ նոյնիսկ թանգարան կառուցուած է, ան կը համարուի թրքական մանրէաբանութեան հայրը:
Տրապիզոնի առողջապահութեան վարչութեան պետ Ալի Սաիպը ջանասիրաբար կատարած է իր մասնագիտական պարտականութիւնը՝ ստիպելով յղի հայ կանանց եւ երեխաներուն թոյն խմել, իսկ հրաժարելու պարագային անոնց կը խեղդէին ծովին մէջ: Սաիպը կը սիրէր մորֆինի մահացու չափաբաժին ներարկել հայ աքսորեալներուն, որոնք հրաշքով փրկուած էին անապատի մէջէն անցած աղէտալի ճանապարհորդութենէն: Ան նաեւ երեխաները կը սպանէր շարժական տաք գոլորշիի լոգանքներու մէջ:
Այժմ Թուրքիոյ մէջ փողոցներն ու նշանակալից հասարակական վայրերը կը կոչուին ցեղասպանութեան կազմակերպիչներու անուններով`Թալեաթ, Ճեմալ, Էնվեր: Հետաքրքիր կ'ըլլար, եթէ ՆԱԹՕ-ի մէկ այլ անդամ՝ Գերմանիան, փողոցներ անուանէր, օրինակ ՝ Հիմլերի անունով:
Թուրքիոյ՝ ՆԱԹՕ-ին անդամակցութեան հիմնական խնդիրն այն չէ, որ այն կ'արգելափակէ մերձպալթեան պաշտպանական ծրագիրները, կը գնէ ռուսական S-400-ը` հրաժարելով ամերիկեան սպառազինութենէն, կ'աջակցի ՏԱՀԷՇ-ի եւ Ճապհաթ ալ Նուսրա-ի մարտիկներուն, կը գրաւէ Սուրիոյ տարածքները, ուր իր արաբական դաշնակիցներուն հետ միասին կ'ոչնչացնէ քրիստոնէական համայնքներու մնացորդները Փոքր Ասիոյ մէջ:
Հիմնական խնդիրն այն չէ, որ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը Եւրոպայի մէջ կը տեսնէ ժողովրդագրական եւ մշակութային վերածնած Օսմանեան կայսրութիւն, ուր բարձր ծնելիութեամբ թուրք բնակչութիւնը կը կարողանայ պարտադրել սեփական կանոնները: Թուրքիոյ՝ որպէս ՆԱԹՕ-ի անդամ հիմնական խնդիրը չի կայանար անոր գործողութիւններու, նպատակներու, քաղաքական եւ ընկերային իրողութիւններու կամ Արեւմուտքի նկատմամբ անոր վերաբերմունքի մէջ (այս մօտեցումն ամենեւին պէտք չէ զարմացնէ դարեր անց) Խնդիրն այստեղ ոչ թէ թրքական մօտեցումն է, այլ՝ արեւմտեանը:
Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութեան կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուած է Թուրքիոյ քրիստոնեաներու` հայերու (սպանուած է առնուազն 1,5 միլիոն մարդ), յոյներու (սպանուած է մօտ 750 000 մարդ) եւ ասորիներու (մօտ 300 000 զոհ) ցեղասպանութիւնները:
Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է նաեւ Եւրոխորհրդարանի, Եւրոպայի խորհուրդի եւ, վերջերս՝ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի կողմէ: Այն ճանչցուածէ նաեւ ՆԱԹՕ-ի անդամ շարք մը երկրներու՝ ներառեալ Լիթվայի կողմէ: Զուիցերիոյ, Սլովաքիոյ, Յունաստանի եւ Կիպրոսի մէջ քրէական հետապնդում նախատեսուած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման համար: Սլովաքիան եւ Յունաստանը ՆԱԹՕ-ի անդամ են, ճիշդ այնպէս, ինչպէս Թուրքիան, որ յամառօրէն կը ժխտէ ցեղասպանութիւնը: Դեռ կը կարծէ՞ք, որ վերոյիշեալ երկիրները կը պատկանին ընդհանուր քաղաքակրթութեան, ընդհանուր ժառանգութեան եւ ընդհանուր սկզբունքներու:
Ինչ կը վերաբերի այս իրավիճակին, ապա Թուրքիան եւ իր դաշնակիցները դեռ առանձնակի խնդիրներու չեն բախիր: Շատերը նոյնիսկ կ'ուրախանան եւ, ըստ երեւոյթին, կը հպարտանան նման դաշնակից ունենալու ընդհանուր (ներէ ինձ, Տէր) ժառանգութեամբ:
Ճիշդ է, որ Թուրքիան Պաղ պատերազմի ժամանակ ԽՍՀՄ-ի կարեւոր հակակշիռ էր եւ պէտք է ենթադրել, որ Թուրքիան դեռ չէ մտած Եւրոմիութիւն ոչ առանց պատճառներու:
Կար ժամանակ, երբ յոյս կար, որ Թուրքիոյ մէջ իրավիճակը կը բարելաւուի: Փոխարէնը, այն աւելի վատացաւ: Եւ այսպէս, ինչքան հեռու կ'երթայ այն, այնքան աւելի դժուար կը դառնայ բացատրել եւ արդարացնել խորացող արժէքային անջրպետը:
Հաշտարար մօտեցումը շարունակելը նոյնիսկ աւելի կեղծաւոր կ'ըլլար, քան մինչ այժմ լռութիւնը ցեղասպանութեան խնդրի շուրջ, չխօսիլն այն մասին, թէ ինչը կրնայ անյարմարութիւն պատճառել կամ անօգուտ է թուրք ընկերներու համար, մեղմ ըսած, պատիւ չի բերեր անոնց: Նման մօտեցումը մասամբ կը համընկնի 1939-ին Ատոլֆ Հիթլերի ըսածի հետ, երբ ան յայտնեց լեհերը ոչնչացնելու իր ծրագիրը. «Ի վերջոյ, ո՞վ այսօր կը յիշէ հայերու ոչնչացման մասին»: Այլ կերպ ըսած` ոչ մէկուն կը հետաքրքրէ: Իսկ անոնք, որոնք կը պաշտպանեն արեւմտեան արժէքները, միթէ՞ պէտք չէ մտածեն նաեւ այդ մասին»: