image

Պէյրութ. Երէկ գիշեր դարձեալ բախումներ գրանցուած են

Պէյրութ.  Երէկ գիշեր  դարձեալ  բախումներ գրանցուած են

Երէկ գիշեր  դարձեալ բախումներ գրանցուած են Պէյրութի կեդրոնական շրջաններուն մէջ։

Այս մասին լուրը  հաղորդեց VDL  կայանը, նշելով, որ  բախումները գրանցուած են երբ «Ամալ»  եւ «Հըզպալլա» կուսակցութեանց  համակիրներ  յարձակած են  Ռիատ  Ալ Սոլհ հրապարակին մօտ գտնուող վրաններուն ուղղութեամբ` նպատակ ունենալով  հանել ցուցարարներուն կողմէ տեղադրուած վրանները։

Կը նշուի նաեւ, որ նմանատիպ բախումներ եղած են Ռինկի  կամուրջին վրայ։

Մինչեւ այս պահը դէպքերուն հետեւանքով վիրաւորուածներու մասին տեղեկութիւն  չի հաղորդուիր։

Նշենք նաեւ, որ  «Ամալ» եւ «Հըզպալլա»  կուսակցութիւնները մինչեւ այս պահը դէպքերուն վերաբերեալ  յայտարարութիւն  չեն կատարած։