Պոլսոյ աթոռանիստ հայկական Սուրբ Աստուածածին Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցած է Պոլսոյ ընտրուած պատրիարք Սահակ եպս. Մաշալեանի գահակալութեան արարողութիւնը:
Ժամերգութեան ժամանակ Սահակ Բ անուանուած Սահակ եպս. Մաշալեանը երդում տուած է, ստացած է իր պատրիարքական ձեռնափայտը եւ գահ բարձրացած: Իսկ այսօր Սահակ Բ պատրիարքը պիտի մատուցէ իր առաջին պատարագը:
Արարողության ներկայ եղած են բարձաստիաճան կրօնական եւ աշխարհիկ հիւրեր Հայաստանէն, Սփիւռքէն եւ Թուրքիայէն: