image

Վստահ եմ, որ Հալէպի վերջնական ազատագրումը շատ մօտ է. Շահէ Մինասեան

Վստահ եմ,  որ Հալէպի վերջնական ազատագրումը  շատ մօտ է. Շահէ  Մինասեան

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ Հալէպ  քաղաքի  նահանգային խորհուրդի  անդամ ՝ Շահէ Մինասեանը.

 

 

 

- Երէկ Հալէպը  կրկին ապրեցաւ դժուար օր մը, ի՞նչ է  պատճառը    այս   սրացման  եւ  ի՞նչ  էին  հետեւանքները:

 

Գիտենք,  որ Հայ Ալ Ռաշիտին, Լայրամուն  եւ Ալ Զահրա  շրջաններուն  մէջ  տակաւին    ահաբեկչական խումբերը  ներկայութիւն են, եւ անոնք  նոյն այս թաղամասերէն կատարեցին յարձակումները եւ հրթիռներ արձակեցին  Հալէպի խաղաղ  բնակչութեան  որոշ թաղամասերու վրայ:  Ըստ իս պատճառը այն է, որ սուրիական զօրքը կը պատրաստուի իր ուժերով եւ իր ամբողջ կարողութեամբ յարձակման անցնիլ, ազատագրելու այն թաղամասերը, որոնք ահաբեկչական խումբերու հսկողութեան տակ են:  

Անշուշտ այս հրթիռներու հետեւանքով ունեցանք  զոհեր, նահատակներ, կան վիրաւորներ եւ  ցաւոք սրտի անոնց մէջ կան նաեւ փոքրիկներ: Ինչպէս նաեւ կան նիւթական  մեծ վնասներ: Սակայն  զօրքը մտադիր է  այդ թաղամասները մաքրել  ահաբեկչական խմբակներէն, քանի որ եթէ այս մաքրագործումը  կատարէ, հետեւանքը կ'ըլլայ  Հալէպ Դամասկոս մայր ճամբուն  բացուելու կարելիութիւնը:

- Իսկ ի՞նչ է վիճակը հայկական շրջաններուն մէջ:

 

Ինչ կը վերաբերի մեր հայկական թաղամասերուն, կարելի է ըսել, որ հայկական  շրջանները խաղաղ են,  եւ   այս  վերջին  գրոհներէն  մեր շրջանները  ոչ մէկ վնաս կրեցին։ Միեւնոյն ժամանակ  կրնանք  ըսել, որ ժողովուրդը մտահոգ է   ի տես ստեղծուած  իրավիճակին։ Յուսանք այս հրթիռները այսչափով կ'աւարտին եւ  նոր զարգացում չեն  ըլլար։ Անշուշտ   մեր  բոլորին փափաքն է,  որ  Հալէպ քաղաքի բնակչութիւնը աւելի խաղաղ  եւ հանգիստ կեանք մը կ'ապրի:


- Ի՞նչ    զարգացումներ  կ՚ակնկալէք։

Ինչպէս  վերը նշեցի,  այսօր մեր բանակի   գլխաւոր խնդիրը     այդ թաղամասերու ազատագրումն է։ Այդ փուլէն  ետք մենք  ականատես պիտի ըլլանք Հալէպ-Դամասկոս մայր ճանապարհի բացմանը,  նոյնպէս Հալէպի օդակայանի վերաբացմանը, քանի որ այդ  թաղամասերը շատ մօտ են օդակայանին: Ես կը կարծեմ, որ զօրքը մտադիր է այս անգամ անպայման ազատագրելու այս թաղամասերը,  եւ այդ պատճառով ալ,  իր բոլոր ուժերը ուղղած է դէպի այն կողմ: Իսկ այդ   առաջադրանքի  իրականցման  ժամկէտը  միայն սուրիական զօրքի ղեկավարները  գիտեն... Ի վերջոյ բոլորս  յոյսով ենք, որ մօտ ժամանակին բոլորս լաւ լուրեր  պիտի   ստանանք Հալէպի վերջնական ազատագրման մասին: