image

Հալէպ. Մինչ բանակը կը պատրաստուի, ահաբեկիչներ կը հարուածեն խաղաղ թաղամասերը

Հալէպ. Մինչ բանակը կը պատրաստուի,  ահաբեկիչներ կը հարուածեն  խաղաղ  թաղամասերը

Երէկ  կրկին  անգամ արիւնալի օր էր Հալէպի  մէջ։

Հալէպի  մասին լուրեր  տարածող  էջերու    հաղորդմամբ,    տասնեակ հրթիռներ ինկած են   Հալէպի խաղաղ բնակչութեան   շրջաններուն մէջ։

Կը նշուի, որ երէկ թիրախ դարձած է մասնաւորապէս Հալէպի «Հայ  Սըքարրի»  շրջանը, ուր    վիրաւորներուն  թիւը հասած է   18-ի։

Աւելի ուշ  հաղորդուեցաւ, որ   այդ   շրջանին  մէջ  զոհուած են     7 անձեր, որոնց մէջ կան նաեւ երեխաներ։

 Նշենք, որ     ընթացիկ շաբթուան  ընթացքին այս երկրորդ անգամն է, որ Հալէպի  խաղաղ  բնակչութեան  շրջանները   կը   թիրախաւորուին։

«Արեւելք»ի    Հալէպի աղբիւրին համաձայն  Սուրիոյ բանակը   կարեւոր  եւ  վերջին պատրաստութիւնները կը տեսնէ՝  ազատագրելու համար Հալէպի արեւմտեան   շրջանները. Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց,  որ     երէկ բանակը ծանր  հրետանիով   թիրախ  դարձուցած է ահաբեկչական խմբաւորումներու  կեդրոնատեղիները եւ  ըստ նախնական  տուեալներու,  ահաբեկիչներու  շրջանակին մէջ խուճապային   իրավիճակ մը  կը տիրէ։

Թիրախ  դարձած   շրջանները  բաւական  հեռու են Հալէպի հայկական  թաղամասերէն, ուր      համեմատաբար    հանգիստ  վիճակ կը  տիրէ։

Այս   առաւօտ   Հալէպի  մէջ իրավիճակը   զգուշաւոր հանգիստ  է եւ      առաջիկայ  ժամերուն  պարզ կը դառնայ,  թէ  ինչ  հունով  պիտի  զարգանան  իրադարձութիւնները։