image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպահայ լրագրող Ճօրճ Ուրֆալեան վիրաւորուած. անոր վիճակը կայուն է (Լուսանկար)

Հալէպահայ  լրագրող Ճօրճ Ուրֆալեան  վիրաւորուած. անոր  վիճակը կայուն է (Լուսանկար)

Սուրիահայ լուսանկարիչ-լրագրող  Ճօրճ    Ուրֆալեան իր  պարտականութիւնը  կատարած  պահուն    այսօր  վիրաւորուած է։

Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն  ստացաւ  Հալէպի  իր աղբիւրէն։

Մեր  աղբիւրին հաղորդմամբ  Ճօրճ,   իր գործընկերներուն   հետ, վիրաւորուած է Հալէպի արեւմտեան    հատուածին մէջ,  երբ    կ՚իրականացնէր  լրագրողի  իր առաքելութիւնը։

 

Մեր տուեալներով    ահաբեկիչներու   կրակներուն թիրախ  դարձած   լրագրողներու     խումբին  մէջ   Ճօրճի   կողքին    կային     լրագրող Շատի Հըլուէ եւ  լուսանկարիչ Շարիֆ Ապըս։

Լրագրողները   վիրաւորուելէ ետք  փոխադրուած  են  Հալէպի  համալսարանական հիւանդանոց եւ ներկայ  պահուն կը գտնուին բժիշկներու խնամքին տակ։

Կը  նշուի նաեւ, որ Ճօրճին ու անոր  ընկերակիցներու   կեանքին վտանգ  չսպառնար։

Նշենք, որ  տարբեր առիթներով «Արեւելք»ին  լուսանկարներ    հայթայթած եւ   հարցազրոյցներ տուած    մեր կայքի  բարեկամ   Ճօրճ  Ուրֆալեանը    պատերազմական   արհեստավարժ   լուսանկարիչ է, որ «Սանա»էն բացի կը թղթակցի  Ֆրանսական  AFP  գործակալութեան։

Առողջութիւն եւ ապաքինում կը մաղթենք  մեր գործընկերոջ։


‎شبكة أخبار حلب الشهباء‎-ի լուսանկարը: