Սուրիոյ Խորհրդարանը այսօր պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Դամասկոսի իր աղբիւրէն։
Սուրիոյ Խորհրդարանի՝ այսօր նախատեսուած նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին տասնեակ հարցեր, որոնց շարքին է Հայոց Ցեղասպանութիւնը իբրեւ պատմական փաստ ճանչնալու օրակարգը։
Կը նախատեսուի, որ նիստը կայացուի յառաջիկայ ժամերուն։
Տակաւին կ՚անդրադառնանք։