image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլ հարուածեց Դամասկոսը. Կան տասնեակ զոհեր. Անոնց մէջ բարձրաստիճան զօրավարներ

Իսրայէլ   հարուածեց  Դամասկոսը. Կան  տասնեակ   զոհեր. Անոնց  մէջ բարձրաստիճան  զօրավարներ

Իսրայէլեան օդուժը երէկ դարանակալ  կերպով հարուածներ   հասցուցած է  Սուրիոյ մայրաքաղաք  Դամասկոսին։

  Այս մասին  տեղեկութիւնը  կը հաղորդուի      համացանցային  տարբեր  էջերու ճամբով։

 Կը նշուի նաեւ, որ հարուածները  թիրախ   դարձուցած են     Դամասկոսի օդակայանի  շուրջ   գտնուող    ռազմական  պահեստանոցները,  ուր  զոհուած են  տասնեակ  սպաներ։

 Սուրիոյ բանակի  անդամ   սպաներու կողքին   զոհուած են նաեւ     Իրանի «Յեղափոխութեան   պահակներ»ու  անդամ      սպաներ։

  Սուրիոյ  օդուժը   փորձած է  հակազդել  եւ    թիրախ դարձուցած է  իսրայէլեան օդուժի   հրթիռները։

 

  Ըստ  նոյն աղբիւրներուն, երէկ  գիշեր բաւական  լարուած  գիշեր մը եղած է Դամասկոսի  մէջ եւ     հրթիռներու     պայթումներէն  ետք լսելի դարձած են   հիւանդատար   կառքերուն սուլոցները։