image

Երեւանի մէջ. Շնորհակալութեան երթ դէպի Սուրիոյ դեսպանատուն (Տեսանիւթ)

Երեւանի մէջ.  Շնորհակալութեան   երթ  դէպի  Սուրիոյ դեսպանատուն (Տեսանիւթ)

Սուրիոյ   Ազգային   Ժողովին  կողմէ  Հայոց Ցեղասպանութեան  փաստի  ընդուման  առթիւ  այսօր Երեւանի  մէջ    տեղի ունեցած է     քայլերթ դէպի  Երեւանի Սուրիոյ   դեսպանատուն։  Այս  մասին   տեղեկութիւնը  հաղորդեց  «Արեւելք»ի  Երեւանի  աղբիւրը  նշելով, որ  քայլերթին  մասնակցող  երիտասարդները   հաւաքուած են Երեւանի  «Ազատութեան»  հրապարակին  վրայ, որմէ ետք        բարձրացած են Բաղրամեան   փողոցին վրայ գտնուող  Սուրիոյ  դեսպանատան շէնք։

Երիտասարդները ծածանած են    Հայոց  Ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկիրներու դրօշները,  որոնց   շարքին  աւելցած է նաեւ Սուրիոյ  Արաբական Հանրապետութեան դրօշը։

Ապա  շնորհակալական երթին    մասնակիցները ընդունուած են    Երեւանի մօտ Սուրիոյ    արտակարգ եւ  լիազօր    դեսպան Մոհամմէտ  Հաժ Իպրահիմին  կողմէ եւ   ապա  տեղի ունեցած է   խօսքերու  փոխանակում։

Նշենք,  որ      քայլերթը   կազմակերպուած էր  ՀՅԴ Գերագոյն  Մարմնի    «Հայրենադարձներու յանձնախումբ»ին,  իսկ դեսպանատան մէջ ընդունելութիւնը՝  «Հայաստանի  սուրիահայերու  միութեան» կողմէ։ Միջոցառման    մասնակցած են     Հայաստան   հաստատուած   սուրիահայ  գործիչներ , ինչպէս նաեւ  ՀՅԴ,  ՍԴՀԿ  եւ  ՌԱԿ    անդամներ։

Դեսպանատան մէջ խօսքերով  հանդէս եկած է   Հայաստանի մօտ   Սուրիոյ Արաբական  Հանրապետութեան   արտակարգ եւ լիազօր դեսպան  Մոհամմէտ Հաժ   Իպրահիմ,   «Հայաստանի  Սուրիահայերու  միութեան»  նախագահ։ տօքթ.  Ճօրճ Բարեսղեան, իսկ ՀՅԴ  Գերագոյն Մարմնի  անդամ    Արծուիկ Մինասեան  շնորհակալագիր  մը  յանձնած է   դեսպան     Իպրահիմին։

Միջոցառման ներկայ  գտնուած են  Երեւան  հաստատուած սուրիահայ  գործիչներ ՝ Գաբրիէլ Չէմպէրճեան,    Վազգէն  Եագուպեան,  Խաչիկ  Ճոզիկեան, Վազգէն Մեսրոպեան, Վաչէ Փիլիպոսեան  եւ ուրիշներ։

  

Յիշեցնենք, որ   անցեալ  չորեքշաբթի  օր Սուրիոյ  Ազգային Ժողովը   միաձայնութեամբ  ընդունած էր  Հայոց Ցեղասպանութեան   փաստը   եւ դատապարտելով Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ   գործուած  Ցեղասպանութիւնը՝   կոչ ուղղած էր       միջազգային հանրութեան  նոյն ոգիով   շարժելու  յանուն  արդարութեան եւ յանուն  ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման։