image
Հրատապ լուրեր:

2013-էն ետք առաջին վայրէջքը՝ Հալէպի միջազգային օդակայան

2013-էն ետք առաջին վայրէջքը՝  Հալէպի միջազգային օդակայան

Սուրիոյ պատերազմի պատճառով Հալէպի միջազգային օդակայանի խափանուած աշխատանքը վերսկսած է այսօր. Դամասկոս-Հալէպ ուղղութեամբ առաջին օդանաւը վայրէջք կատարած է Հալէպի մէջ: Այդ մասին յայտնած է օդակայանի տնօրէնութիւնը՝ հրապարակելով նկարներ սպասուած վայրէջքէն:

Օդակայանի աշխատանքի վերագործարկման մասին օրեր առաջ յայտարարած էր Սուրիոյ կառավարութիւնը:

Առաջիկայ օրերուն նախատեսուած է նաեւ կանոնաւոր թռիչքներ իրականացնել Հալէպի եւ Գահիրէի միջեւ: