image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ-ի մէջ «Քորոնա»ի հետեւանքով մահացած է Ճէֆրի Ղազարեանը

ԱՄՆ-ի մէջ «Քորոնա»ի հետեւանքով  մահացած է  Ճէֆրի Ղազարեանը

Միացեալ Նահանգներու   Լոս Անճելոս  քաղաքին  մէջ    մահացած  է    Ճէֆրի   Ղազարեանը։

«Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ   ԱՄՆ-ի   իր աղբիւրէն։

 

Մեր  աղբիւրը նաեւ նշեց, որ  Լոս Անճելըսի բնակիչ   Ճէֆրի   Ղազարեանը, որ   վերջերս  այցելած էր   Ֆլորիտա,  վերադարձին    ունեցած է  առողջական բարդութիւններ եւ  արագօրէն  փոխադրուած է հիւանդանոց։

Քննութիւններէն ի յայտ  եկած է, որ  Ճէֆրիի մօտ   առկայ  է «Քորոնա»  վարակ,  եւ հակառակ  բժիշկներու՝  հայ երիտասարդի կեանքը  փրկելու  փորձերուն,  հիւանդանոց մուտք  գործելէ  5   օր ետք   Ճէֆրին  աւանդած է իր հոգին։  Մեր տուեալներուն համաձայն  Ճէֆրին    նախքան  հիւանդանալը    ունեցած է առողջական   լուրջ բարդութիւններ, բան մը  որ  մեծապէս   նպաստած է  հանգուցեալի  մարմնին մէջ    մահացու վարակի   ուռճացման։

Հանգուցեալը  34 տարեկան էր։