image

«Քորոնա» ժահրէն մահացած է հայ բարերարի կինը՝ Արտեմիս Նազարեանը

«Քորոնա» ժահրէն մահացած է հայ բարերարի կինը՝ Արտեմիս Նազարեանը

Նիւ Եորքի մէջ մահացած է Արտեմիս Նազարեանը՝ ՀԲԸՄ բազմամեայ աշխատակից, ազգային նշանաւոր բարեգործ Նազար Նազարեանի կինը:

Նազար եւ Արտեմիս Նազարեանները յայտնի են Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ կատարած իրենց բարեգործութիւններով: Անոնք  բարեգործութիւններ կատարած են  Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հաստատութիւններուն, Արցախի,  Լիբանանի, Կիպրոսի, Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու հայկական բազմաթիւ կառոյցներու մէջ, ինչպէս նաեւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան  Երեւանի գրասենեակին, իսկ  «Ազգ» օրաթերթի սրահը կը կրէ  Նազար եւ Արտեմիս Նազարեաններու անունը։

Երեւանի Բժշկական համալսարանին մէջ նոյնպէս Նազարեանները իրականացուցած են բազմաթիւ ծրագրեր:  ԵՊԲՀ տնօրէն Արմէն Մուրատեանը տեղեկացուցած է, որ Արտեմիս Նազարեանը մահացած է «Քորոնա» ժահրէն: