image

Կարեւոր նախաձեռնութիւն. Պիտի մեկնարկի «Կառուցէ Հայաստան» նախագիծը

Կարեւոր նախաձեռնութիւն. Պիտի մեկնարկի «Կառուցէ Հայաստան» նախագիծը

Հայաստանի մէջ առաջիկայ ամիսներուն պիտի մեկնարկէ  «Կառուցէ Հայաստան» նախագիծը: Նախագիծի նպատակն է Հայաստանի  մէջ ստեղծել առաջին «խելացի-կանաչ» համայնքները: Համայնքներու հայեցակարգը հիմնուած է հայրենի երկրի բնապահպանական անաղարտութեան եւ երջանիկ ու նորարար քաղաքացիի առողջ ապրելակերպի վրայ:

Համայնքներու գերխնդիրն է Հայաստանը դարձնել կայուն զարգացման միջազգային կեդրոններէն մէկը, իսկ համայն հայութիւնը՝ հայաստանակեդրոն:

Այս առիթով պատրաստուած է նախագիծի գաղափարախօսութիւնը ներկայացնող հարթակ՝

«Մեր Հնարաւոր Ապագան» white paper-ը:

Գիրքի խմբագիրն ու գործընկերները հանրութեան կը ներկայացնեն Համայնքներու ստեղծման ուղեգիծը:

Ցաւօք, Covid-19 համավարակի ծաւալմամբ պայմանաւորուած, յետաձգուած են վերջինիս տպագիր տարբերակի հրատարակումը եւ միւս հրապարակային միջոցառումները, սակայն 2020 թուականի 20 ապրիլէն առցանց հասանելի են, թէ՛ վերոնշեալ գիրքը, թէ՛ համապատասխան կայքէջն ու ընկերային հարթակները` hետեւեալ յղմամբ  www.ourpossiblefuture.com

Նախագիծի հիմնադիրները կը հրաւիրեն բոլորը առցանց ծանօթանալու «Մեր Հնարաւոր Ապագան» white paper-ին եւ միանալու ընկերային կայքերու համանուն էջերուն:

 

#ՄերՀնարավորԱպագան #ourpossiblefuture

#SmartArmenia #SustainableArmenia #GreenArmenia