image

«Հայաստանը հզօր երկիր է, որովհետեւ Հայաստանի մէջ հզօր ժողովուրդ կ'ապրի». Սեւակ Արծրունի

«Հայաստանը հզօր երկիր է, որովհետեւ Հայաստանի մէջ հզօր ժողովուրդ կ'ապրի». Սեւակ Արծրունի

Զրոյց «Կառուցիր Հայաստան» նախագիծի համահեղինակ եւ համակարգող Սեւակ Արծրունիի հետ.

 

-Պարոն Արծրունի, լայն հասարակութիւնն առցանց կը ծանօթանայ այս օրերուն Ձեր եւ Ձեր գործընկերներու ներկայացուցած «Մեր Հնարաւոր Ապագան» գիրքին եւ անոր մէջ ամփոփուած գաղափարներուն: Մենք, կարդալով, իրօք շատ բան կը բացայայտենք, կը հասկնանք Ձեր նպատակներու հիմքը, բայց մէկ հարց, այնուամենայնիւ, կ'առաջանայ՝ արդեօ՞ք այստեղ նկարագրուած նպատակներն իրականանալի են: 

Ձեր հարցի հիմքը, այս պահի հիասթափութիւններն են, իսկ այդ հիասթափութիւններու աղբիւրը մեր օրերու արժեհամակարգային ճգնաժամն է: Հասկնալի է, բայց այդ խաբուսիկ է, եւ չարտայայտեր իրերու իսկական վիճակը: Մի սխալիք, մեր ազգը շատ հզօր, աննկարագրելի հզօր ներուժի կը տիրապետէ:  Հաւատացէք, այդ այդպէս է: Հայաստանի մէջ այսօր կ'ապրի անկոտրում կամքի տէր, աւանդական արժէքներու վրայ ամուր կայացած, ստեղծագործ, աշխատասէր եւ յաղթանակած ժողովուրդ: Մեր հասարակութիւնը ոչ միայն հզօր է, այլ նաեւ կը գիտակցի իր ուժն ու արժէքը, ան 1918 թուականէն ետք պարտութիւններ թոյլ չէ տուած, մերժած է անցեալի ստրկամտական բոլոր հակումները: Հայաստանն իրօք հզօր երկիր է, որովհետեւ Հայաստանի մէջ հզօր ժողովուրդ կ'ապրի: Հարիւր տարուան ընթացքին ճահիճներէն ու անապատներէն որբերու ազգը հասած է այստեղ, եւ հիմա չունի այլ տարբերակ, քան ապրիլ մոլորակի ամենաառաջադէմ պետութիւններու հետ քաղաքակրթական հաւասար դիրքերու վրայ: Ներքաղաքական ներկայ հիասթափեցնող մթնոլորտը չի կրնար ծածկել մեր ազգային հզօր ներուժը, որն արդէն երեսուն տարի համբերատարութեան, խոհունութեան, քաջութեան, հայրենասիրութեան հաշուոյն հատած է բոլոր ճգնաժամերը․․․ Մեր ժողովուրդի մոլորակային առաջընթացը կանգնեցնել չի կրնար հարիւրաւոր միլիոններ հաշուող համաթուրքական զանգուածը: Սա պատմագիտական ճշգրիտ տուեալ է: Ահա թէ ինչու ես չեմ կասկածիր որ մեր ծրագիրը ոչ միայն իրատեսական է, այլեւ ժողովուրդի ներուժի ընթացքին համազօր, եւ ուրեմն՝ անշրջանցելի:


-Պարոն Արծրունի, իսկ ինչի՞ հաշուոյն է այն եւ ամենակարեւորը՝ ինչպէ՞ս:

Ժողովուրդի բնական ներուժի հաշուոյն: Մեզմէ իւրաքանչիւրն իր մէջ ունի գոյատեւելու եւ զարգանալու հզօրագոյն կամք, օրուայ ստեղծած խնդիրները դիմակայելու վճռակամութիւն, սակայն նաեւ՝ որպէս քաղաքակիրթ, արժանապատիւ հասարակութիւն ապրելու շնորհ: Ամենակարեւորը, մեր մէջ ամուր նստած է հնարամտութիւնը, որ կը հասնի, մեր նախագիծին մէջ աշխատող բոլոր հայեցագէտներու համոզմամբ, անվերահսկելի ներուժի: Ահա այս երկու իրողութիւններու հաշուոյն պիտի իրականացնենք այս նախագիծը:

Հիմա Ձեր երկրորդ հարցը․ ինչպէ՞ս. այն պահուն, երբ մեր մէջ կը ձեւաւորուի մոլորակի եւ հայրենիքի վտանգուածութեան գիտակցութիւնը, այդ իսկ պահուն Հայաստանի մէջ պիտի սկսի քաղաքակրթական զարթօնք: Մենք «Մեր Հնարաւոր Ապագան» առցանց արշաւով կը փորձենք աշխարհասփիւռ մեր հայրենակիցներուն մէջ արթնցնել այդ գիտակցութիւնը: Մեր մէջ ծայրաստիճան զօրաւոր է վտանգի պահուն համախմբուելու եւ գերիրական ներուժ արարելու տաղանդը: Մենք կ'ուզենք, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը հասկնայ տնտեսագէտներու հաստատած հետեւեալ տեսութիւնը․ մարդկային հասարակութեան առաջընթացի շարժիչ ուժը ո՛չ տնտեսական հարստութիւնն է, ո՛չ ժողովրդագրական տուեալը, այլ՝ գաղափարը: Իսկ վտանգի ու սպառնալիքի պահուն հնարամիտ մարդու մօտ նոր կացութիւն ձեւաւորող գաղափարներու հեղում տեղի կ'ունենայ: Մեր ծրագիրն իր մէջ Ազգային Ծրագրի շերտեր կը պարունակէ, իսկ ազգային ծրագիրը կ'իրականացնէ անհատն իր հնարամտութեամբ: Մեր նպատակն է, ինչպէս արդէն բոլորին յայտնի է, հիմնադրել կայուն բնակավայրեր, ուր կ'ապրին կայուն, կազմակերպուած համայնքներ, եւ այդ համայնքներու առօրեայ կեանքին մաս կը կազմէ մոլորակային ճգնաժամի վարչարարութիւնն ու համաշխարհային քաղաքակրթութեան զարգացումը:


-Իսկ պետութի՞ւնը. կ'ակնկալէ՞ք պետութեան մասնակցութիւնը:

Անշուշտ պիտի ունենանք պետութեան աջակցութիւնը ամէն քայլափոխի, սակայն շարժման տէրը պիտի ըլլայ ժողովուրդն իր բոլոր խաւերով: Կը մնայ, որ հայ մարդը ազատագրուի պահի բարդոյթներէն, ազատագրուի եւ վերագտնէ իր հայեցի տաղանդը: Այսքան․․․ պարզ: