image

Հայրս վաճառեց Մոսուլի մեր տունը, որ օգնէ հայերուն. Մարալ Տապաղեան

Հայրս վաճառեց Մոսուլի մեր տունը, որ օգնէ հայերուն. Մարալ Տապաղեան

Մեծ Ներգաղթի ժամանակ Սփիւռքի մէջ դերակատարութիւն ունեցած հայերու պատմութիւնները շատ են ու բազմազան: Անոնցմէ մէկուն՝ Խոսրով Տապաղեանի մասին կը պատմէ դուստրը՝ ամերիկաբնակ Մարալ Տապաղեանը. «Իմ հայրը ունեցած է Ցեղասպանութենէն փրկուած հայերուն բաժին ինկած բազում ճակատագրերէն մէկը: Ան՝ Խոսրով Տապաղեանը, ծնած է  Տիգրանակերտ՝  1909-ին, բայց հանգամանքներու բերումով անոր անձնագրին մէջ իբրեւ ծննդեան թուական նշուած է 1912-ը: Ցեղասպանութենէն ետք անոր ընտանիքը նախ գացած է Սուրիոյ Գամիշլի եւ Մարտինի շրջանները, իսկ յետոյ՝ Մոսուլ:

Հօրս հօր անունը Միհրան Տապաղեան էր, Տիգրանակերտի մաքսատան ղեկավարի պաշտօնը կը զբաղցնէր: 1915-ի ապրիլեան ցեղասպանութեան օրերուն օր մը գործի գացած է ու այլեւս անոր չեն տեսած Տիգրանակերտի մէջ… Հայրս, իր մայրը, մօրաքոյրը, վերջինիս ամուսինն ու քոյրը, ուրեմն հաստատուած են Մոսուլ: Հօրս  մօրաքոյրը զաւակ չէ ունեցած եւ հօրս որդեգրած է Մոսուլի մէջ,  հետեւաբար հայրս ապրած է իր մօրաքրոջ եւ անոր ամուսինին հետ, որոնք Մուսուլի մէջ հիմնած են գինիի առաջին գործարանը: Յետոյ հօրս ուղարկած են Հալէպ, ուր ուսանած է Հալէպի Ամերիկեան քոլեճը, ստացած է երկրաչափութեան մասնագէտի վկայական: Մոսուլի մէջ ալ հայրս ամուսնացած է մօրս՝ Սիրանոյշ Ամիրեանի հետ: Մօրս մայրն ալ՝ Լուսընթագը, Էրզրում ծնած էր,  իսկ մօրական պապս՝ Դանիէլ Ամիրեանը, ծնած է Սղերդ:  Մօրական պապս երբ Մոսուլ գացած է, շէնք մը վերցուցած է եւ այն երիտասարդները, որոնք ջարդէն կը փրկուէին եւ Մոսուլ կու գային՝ առանց ծնողներու, որբ, բոլորին այդ շէնքին մէջ տեղ տուած է: Այդտեղ պահած է այդ երիտասարդները, մինչեւ ոտքի կանգնին, տեղ մը հասնին: Դանիէլ պապս հացատուն բացած է Մոսուլի մէջ եւ այդ եկամուտով պահած է այդ որբ հայերը:  

Գալով հօրս, ըսեմ, որ ան Մոսուլի մէջ կը դառնայ քաղաքի գլխաւոր երկրաչափը: 1947-ին երբ ներգաղթ կը կազմակերպուի դէպի Հայաստան, հայրս ներգաղթի յանձնախումբի անդամ կ'ըլլայ, շատերուն կ'օգնէ, որ երթան Հայաստան:  35-38 տարեկան էր հայրս այդ ժամանակ եւ ամէն ինչ կ'ընէր, որ դէպի հայրենիք գործը յաջողութեամբ պսակուի: Ան կը վաճառէ նոյնիսկ իր տունը ու կ'օգնէ բոլոր այն ընտանիքներուն, որոնք կը ներգաղթեն Հայաստան: Ան շատ հայրենասէր, հայաստանասէր էր, Հայաստանի օգնութեան յանձնախումբին մէջ ալ դերակատարում ունեցած է: Երբ փոքր էի՝ կը յիշեմ, ամէն օր անպայման հայկական ռատիօ կը լսէր: Հայրս ոչ միայն սիրահարուած էր Հայաստանին, այլեւ  միշտ կը մտածէր, որ եթէ այս օտար երկիրներէն օր մը մեզի դուրս հանեն, մենք տեղ ունինք երթալու: Իսկապէս այդպէս է, եւ այս օրերուն նոյն միտքերը ես կ'ունենամ.. Այսպէս, հայրս ցաւօք սրտի վաճառեց իր տունն ու օգնեց Հայաստան գացողներուն: Ինչու կ'ըսեմ՝ ցաւօք սրտի, որովետեւ երբ հայրս օգնեց հայերուն ներգաղթել, ուրիշ հայեր գացին, առարկեցին, բողոքեցին, ըսին որ այդ մարդը կոմունիստ է, եւ հօրս պաշտօնազուրկ ըրին: 

Միւս կողմէն ալ լաւ էր, որ հայրս երկրաչափի գործէն զրկուեցաւ այդ ժամանակ, քանի որ այլ առաջարկութիւններ ստացաւ: Քանի որ ան լաւ անգլերէն կը խօսէր՝ Հալէպի Ամերիկեան Քոլեճը ուսանած ըլլալու շնորհիւ, Գերմանիայէն ու Անգլիայէն շինարարական ընկերութիւններ հօրս լաւ գործեր առաջարկեցին, եւ հայրս այդ գործերուն շնորհիւ հարստացաւ: Մայրս երբեմն կը պատմէր, որ շատ յուզուած է, նեղուած, որ հօրս գլխաւոր երկրաչափի պաշտօնէն հանած են, բայց փաստօրէն, այդ ամենալաւ բանն էր, որ պատահած էր իրեն: 1958-ին իսլամական մեծ յեղափոխութիւն եղաւ Մոսուլի մէջ. այդ օրերուն, կը պատկերացնէք, քանի մը անձիք մարդ բերին մեր տուն, որ հօրս վնասեն, եւ մենք 1960-ին փոխադրուեցանք Պաղտատ: Հայրս մինչեւ 1966 թուականը Պաղտատի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան շրջանային վարչութեան անդամ էր, իսկ 1970-71-ին՝ Պաղտատի ՀԲԸՄ ատենապետը:  Այդ պաշտօնը անոր վարած տարիներուն շատ հայեր կու գային օգնութիւն խնդրելու՝ հիւանդի բուժման, ամուսնութեան եւ հազարումէկ հարցերով, հայրս միութեան գործերուն մէջ չէր մտցներ այդ խնդրանքները, իր գրպանէն կու տար: Շատ օգնած է: Երբ տուն կու գար, մայրս միշտ հօրս կատակով կ'ըսէր՝ լա՛ւ է, շապիկդ վրադ եկար տուն: Այդպիսի մարդ եղած է իմ հայրը, որ մահացած է 1993-ին: Ես 1969-ին արդէն դուրս եկած էի Իրաքէն, Անգլիա գացած էի՝ դոկտորական ուսումս շարունակելու՝ իմունոլոկիայի (ախտազերծութեան երեւոյթներու ուսումնասիրութիւն) գծով: Յետոյ ես ի հարկէ մօրս բերի Լոս Անճելոս՝ իմ մօտ:

Ես ամբողջ կեանքս կ'ապրիմ հօրս մասին յիշողութիւններով, ան մեծ դեր ունեցած է իմ մասնագիտութեան մէջ, քաջալերեր է, որ ես Իրաքի մէջ իմ չսիրած գործը՝ դեղագործի գործը ձգեմ եւ երթամ ու աւելի բարձր ուսում ստանամ, որովհետեւ ես այդպէս կ'ուզէի: Շատեր կը յիշեն Խոսրով Տապաղեանը, անոր ըրած գործերը, անոր յիշատակը միշտ վառ է»: