image

Ձերբակալուած է Հրանդի այրիին՝ Ռաքէլ Տինքին սպառնալից նամակ գրողը

Ձերբակալուած է Հրանդի այրիին՝ Ռաքէլ Տինքին սպառնալից նամակ գրողը

Թուրքիոյ դատախազութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Հրանդ Տինքի կնոջ եւ «Հրանդ Տինք» հիմնադրամի անդամներուն մահուան սպառնալիքներով նամակ ուղարկելու մէջ կասկածուողին վերաբերեալ։

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Պոլսոյ հայկական «Ակօս»–ը, դատախազութեան տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Տինքի կնոջ եւ Տինքի հիմնադրամին սպառնալիքներով նամակ ուղարկողը ձերբակալուած է Քոնիա քաղաքին մէջ։ Ան նախապէս «դիտաւորեալ վնասուածքներ հասցնելու, վիրաւորելու եւ սպառնալու» մեղադրանքով դատուածութիւն ունեցած է:

Նշենք, որ 29 մայիսին Հրանդ Տինքի հիմնադրամը յայտարարութիւն տարածած է, որ անյայտ անձը մահուան սպառնալիքներով նամակ ուղարկած է, ուղղուած՝ հիմնադրամի անդամներուն, Հրանդ Տինքի կնոջ եւ Տինքի փաստաբանին։