image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանահայ լրագրող Նշան Տէր Յարութիւնեան սպառնալիքներու թիրախ

Լիբանանահայ լրագրող  Նշան  Տէր Յարութիւնեան  սպառնալիքներու  թիրախ

Լիբանանահայ լրագրող եւ մեկնաբան Նշան  Տէր Յարութիւնեան    դարձած է սպառնալիքներու թիրախ։

Լրագրողը, որ      «Թալք շոու»    հաղորդում մը կը ներկայացնէ «Ալ Ժատիտ» կայանէն, իր հիւրին՝ քաղաքական գործիչ Ուիամ  Ուահապին հետ  տարբեր թեմաներ քննարկելու  ժամանակ   խօսած է նաեւ Թուրքիոյ ժխտական  դերին  մասին, որմէ ետք ան  թիրախ  դարձած է    իրենք   զիրենք Թուրքիոյ  մօտիկ համարուող  կարգ մը  ռատիքալիստ շրջանակներու    սպառնալիքներուն։

 

Այդ    կասկածելի անձերէն  շատեր   ոչ միայն  պաշտպանած են Էրտողանն ու Թուրքիան, իրենք զիրենք համարելով Օսմանեան կայսրութեան հետեւորդներ ու ժառանգորդներ,  այլ նաեւ   քայլ մը անդին երթալով    արդարացուցած են  Օսմանեան  կայսրութեան     հակահայ քայլերն ու  գործած  աններելի Ցեղասպանութիւնը։

 

Մասնաւորապէս դվիթերի  տարածքին վրայ տեղի ունեցած  անպարկեշտ   խօսակցութիւններով չբաւարարուելով,  այդ  անձերուն  եւ Թուրքիոյ  հետ    որոշ  կապեր ունեցող     անհատները   խումբեր կազմելով  հասած են  «Ալ  Ժատիտ» կայանի   փողոց եւ     հայութեան    հասցէին   անուանարկող վանկարկումներ կատարելով պարզած են Թուրքիոյ  դրօշները։

 

Յիշեցնենք, որ մասնաւորապէս Լիբանանի  հիւսիսային Թրիփոլի  քաղաքը կը համարուի  Թուրքիոյ հանդէպ  դրական  մօտեցումներ  ունեցող  այս     վարձկաններուն  կեդրոնը, որոնք     մասնաւորապէս վերջին  տասը  տարիներուն   կանոնաւոր կերպով  կը ստանան  Անգարայի  նեցուկն ու  նիւթական  աջակցութիւնը։

 

Ըստ երեւոյթին  Սուրիայէն  եւ Լիպիայէն ետք  Անգարա   պիտի  փորձէ   ներթափանցման նոր  կեդրոն դարձնել Լիբանանը  եւ    գործի   դնել  քաղաքական-ընկերային  հեռակայ   ծրագիրներ։