image

Յունաց Պատրիարքի խիզախ խօսքը՝ «Այա Սոֆիա տաճարը մզկիթի վերածելը միլիոնաւոր քրիստոնեաներ իսլամներուն դէմ պիտի հանէ»

Յունաց  Պատրիարքի խիզախ  խօսքը՝  «Այա Սոֆիա տաճարը մզկիթի վերածելը միլիոնաւոր քրիստոնեաներ իսլամներուն դէմ  պիտի հանէ»

Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական պատրիարք՝ Բարթողոմէոս անդրադարձած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն` Սուրբ Սոֆիա տաճարը մզկիթի վերածելու ծրագրին եւ յայտարարած է, որ այդ ծրագրի իրագործումը միլիոնաւոր քրիստոնեաներ կը հանէ իսալմներու դէմ:

 Gazete Duvar պարբերականին  տրուած   հարցազրոյցի  մը ընթացքին    Պատրիարք Բարթողոմէոս   մասնաւորապէս   ըսած է.

«Այա Սոֆիա տաճարը իր համընդհանուր կերպարով կրնայ պահպանուիլ միայն որպէս թանգարան: Զայն մզկիթի վերածելը կը ստիպէ միլիոնաւոր քրիստոնեաներու երես թեքելու իսլամէն,  եւ այդ ծրագրի իրականացումը միլիոնաւոր քրիստոնեաներ կը հանէ իսլամներուն դէմ: Սուրբ Սոֆիա տաճարը համաշխարհային ճարտարապետութեան կարեւորագոյն կոթողներէն է, ան իր 1500-ամեայ պատմութեամբ ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ եւ տարբեր մշակոյթներ կրող մարդոց իր մօտ  բերող կառոյց  մըն»։

Յիշեցնենք,  որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայէպ Էրտողան իր օգնականներուն յանձնարարած էր, որ Սուրբ Սոֆիա տաճարը թանգարանէն մզկիթի կարգավիճակի վերափոխելու մասին բազմակողմանի ուսումնասիրութիւն կատարեն:

Սուրբ Սոֆիա տաճարը բիւզանդական ճարտարապետութեան յուշակոթող է: Անիկա կառուցուած է 532-537 թուականներուն, Յուստինիանոս Կայսեր կողմէն, որ որոշած էր այս տաճարով յաւերժացնել Կոստանդնուպոլսոյ փառքը:

1453-ին Բիւզանդական կայսրութեան անկումէն ետք, տաճարը վերածուած է մզկիթի: 1935-ին, Թուրքիոյ   Քեմալիստ ընկալումներ ունեցող կառավարութեան որոշումով, որը ստորագրուած է ժամանակակից թրքական պետութեան հիմնադիր՝  Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի կողմէ, տաճարը դարձած է թանգարան, կառոյցին պատերը մաքրուած են որմնանկարներէ եւ խճանկարներէ: 1985-ին տաճարը ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին վրայ: