image

«Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն» դասանիւթի թեմա. «Մօտեցումը տարակուսելի է». Տէր Եսայի Արթինեան

«Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն» դասանիւթի թեմա. «Մօտեցումը տարակուսելի է». Տէր Եսայի Արթինեան

Tert.am  կայքէն կը կարդանք.


«Մենք կ'ակնկալենք, որ այս հարցը կը վերանայուի եւ «Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկան մեր դպրոցներուն մէջ կը դասաւանդուի»  ըսած է Արարատեան Հայրապետական Թեմի տեղեկատուական բաժնի հոգեւոր համակարգող՝ Տէր Եսայի քահանայ Արթենեանը:

«Առարկան շատ կարեւոր է ազգային ինքնութեան, հոգեւոր բարոյական կրթութեան, անձի ինքնահաստատման, ազգային արժէքները ճանաչելու, ապրելու եւ բարոյական կերպար կերտելու գործին: Այս առումով մեր ցանկութիւնն է, որ առարկան մնայ եւ դասաւանդուի»:

Տէր Եսայի Արթինեան ընդգծած է, որ առարկան դպրոցներուն մէջ դարձած է սիրելի առարկաներէն մէկը, հնարաւոր է, որ որոշակի բովանդակային շտկումներու կարիք ունենայ, սակայն առարկան կարեւոր առաքելութիւն ունի՝ երեխաներուն մէջ ձեւաւորելու ազգային ինքնութեան գիտակցութիւնը:

Դիտարկման, որ առարկայի վերաբերեալ հակասական կարծիքներ կան, որոշ ծնողներ դէմ արտայայտուած էին, որ երեխաները դպրոցը կրնան «Հայր մեր» աղօթքը սորվիլ եւ դասի ընթացքին աղօթել, քահանան նշեց, որ «դասաժամին երբեք աղօթքը պարտադրուած չէ եղած, սակայն որեւէ սարսափելի կամ դատապարտելի բան չկայ անոր մէջ, երբ մարդը «Տէրունական» աղօթքը աղօթէ: Եթէ ծնողքը կամ երեխան դէմ են՝ կրնան չաղօթել, աղօթքը պարտադրուած չէ»:

Հարցին, թէ առարկայի միաձուլումը այլ առարկայի հետ հնարաւո՞ր է, որ ծնողներու որոշ մասի հակասական կարծիքներու պատճառով է, թէ այլ միտում կը տեսնէ, Տէր Եսայի Արթենեան պատասխանեց.

«Յստակ չեմ կրնար ըսել, կ'ուզեմ հաւատալ, որ կը փորձեն լաւագոյն ճանապարհը ընտրել եկեղեցւոյ առարկան բովանդակային մատուցելու առումով: Սակայն այդ ձեւակերպումները եւ մօտեցումները տարակուսելի են, եթէ արդէն կար առարկան դպրոցին մէջ դասաւանդելու 15 տարուայ աւանդոյթ, կային ձեւաւորուած աւանդոյթներ, ակնկալիքներ եւ յստակ արդիւնքներ, ինչո՞ւ վերանայիլ եւ ձեւափոխել»:

Ան նշեց, որ առարկային մէջ ներկայացուած է ոչ միայն հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, այլեւ այլ կրօններու եւ եկեղեցւոյ պատմութեան մասին տեղեկութիւններ, բնականաբար, ոչ այն ծաւալով, ինչպէս որ ներկայացուած է հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը:

«Առարկային մէջ կան տեղեկութիւններ կրօնական տարբեր ուղղութիւներու եւ քրիստոնէական տարբեր եկեղեցիներու մասին: Ներառուած է նաեւ հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն առարկան, քանի որ հայաստանաբնակ երեխաներու մեծ մասը հայ եկեղեցւոյ զաւակներ են, այդտեղ ի՞նչ խնդիր կրնայ ըլլալ»:

Հարցին, թէ կարծիքներ կան, որ առարկան կրնայ ներառուիլ «Հայոց պատմութիւն» առարկայի մէջ, Տէր Եսայի Արթենեան, նշեց, որ կրթութեան ոլորտի մասնագէտները աւելի յստակ կը ձեւակերպեն, թէ ինչպէ՞ս կը պատրաստուին առարկան մէկ այլ առարկայի մէջ ներառել, սակայն հարցը այն է, թէ գործնականօրէն որքանո՞վ այդ հնարաւոր է. «Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը կարելի չէ նոյնականացնել հայ ժողովուրդի պատմութեան առարկայի բովանդակութեան հետ: Այն պարզ պատճառով, որ որքան ալ հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը եւ ժողովուրդի պատմութիւնը միահիւսուած եւ անբաժան են, սակայն առարկայի բովանդակային դասաւանդման առումով խնդիրները տարբեր են»:

Արթենեան նշեց, որ Մայր Աթոռ եկեղեցին եւ եկեղեցի-պետութիւն յանձնախումբը խնդիրին վերաբերեալ պաշտօնական յայտարարութիւններ դեռեւս կ'ընեն, յատկապէս երբ եկեղեցին վաղուց յայտնած է իր վերաբերմունքը առարկայի վերաբերեալ:

 

Նիւթը ՝ «Թերթ.ամ» կայքէն