image

«Հայոց եկեղեցւոյ պատմութիւն» դասանիւթը չեղեալ համարելը անընդունելի է եւ պիտի տանի ներքին լարուածութեան. Եգիպտոսի թեմի առաջնորդ Տ. Աշոտ եպս. Մնաց

«Հայոց եկեղեցւոյ պատմութիւն»  դասանիւթը  չեղեալ  համարելը անընդունելի է եւ պիտի տանի ներքին լարուածութեան. Եգիպտոսի  թեմի  առաջնորդ Տ.  Աշոտ եպս. Մնաց

«Արեւելք»ի  հարցերուն է  կը պատասխանէ Եգիպտոսի եւ Սուտանի հայոց թեմի առաջնորդ  Տ.  Աշոտ  եպս. Մնացականեանը:

 

-Սրբազան Հայր, ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստանի դպրոցական առարկաներու ցանկէն «Հայոց եկեղեցւոյ պատմութիւն»-ը հանելու նախարարութեան որոշումը:  

Կնճռոտ հարց է,  եւ տակաւին բուռն քննարկումներու տեղիք պիտի տայ, սակայն առաջին իսկ մտահոգութիւնս այն է, որ հարցը հանրային քննարկման կը դրուի՝  առանց եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները համակարգող համապատասխան յանձնախումբի հետ էական քննարկումներու եւ փոխհամաձայնութեան։

Միւս մտահոգութիւնն այն է, որ  հարցը,  ուղղակի դրուելով  ընդհանուր հանրային քննարկման, արդէն իսկ իր մէջ ներքին լարուածութիւն ստեղծելու վտանգ կը պարունակէ եւ առիթ կու տայ տեղի ու անտեղի շահարկումներու` ոլորտէն անտեղեակ հասարակութիւնը եւս ներգրաւելով իր մէջ։ Ուստի, վստահ ենք, որ ներկայ ներքաղաքական պայքարի մթնոլորտին մէջ ոչ ճիշդ մօտեցմամբ սկսած այս քննարկումը սխալ որոշումներու պիտի յանգեցնէ:

Անշուշտ, «Հայոց եկեղեցւոյ  պատմութիւն» առարկայի շուրջ նման զարգացումներն ու մօտեցումները երեւան պիտի հանեն ամենալուրջ մտահոգութիւնը` վերապահ մօտեցումը՝ Հայ Եկեղեցւոյ եւ անոր գործունէութեան հանդէպ, այս պարագային՝ կրթական-դաստիարակչական գործի տեսանկիւնէ։

 

-Որպէս  սփիւռքի մէջ   հոգեւոր  ծառայութեան կոչուած  առաջնորդ, Ձեր կարծիքով, այս քայլը վնաս պիտի հասցնէ՞ հայ դպրոցականի կրթութեան: 

Դժբախտաբար հայրենիքի մէջ մեր հայրենակիցները ամբողջական պատկերացում չունին սփիւռքի, յատկապէս՝ աւանդական սփիւռքի ձեւաւորման, հայ մնալու եւ այդ ուղղութեամբ տարուած եւ տարուող պայքարի ու զոհողութիւններու մասին։

Ես Հայաստան ծնած եւ մեծցած եմ, սակայն երբ սփիւռքի հնագոյն եւ աւանդական համայնքներէն մէկուն՝ Եգիպտոսի մէջ ծառայելու կոչուեցայ, այստեղ նոր  իրականութեան  մը ականատեսը, իսկ յետոյ ալ՝ մասնակիցը դարձայ: Նկատի ունիմ այն, որ օտարութեան մէջ հաստատուած եւ բացառապէս տարբեր մտածողութեան, մշակոյթի, կրօնի ազդեցութեան տակ գտնուելով հանդերձ` հայապահպանման գիտակցուած յատուկ մասնաւոր մօտեցում կը ցուցաբերուի, կը կրթուին եւ կը դաստիարակուին զուտ հայեցի մտածողութեամբ, ազգային պատկանելիութեան գիտակցութեամբ, հայախօս, մշակութային ինքնութիւնը կրող եւ պահող սերունդներ։

Այս բոլորը հարիւրամեակներէ ի վեր կը կազմակերպէ եւ կ'իրականացնէ եկեղեցին։ Եկեղեցւոյ շուրջ կը համախմբուին բոլորը:  Շատ վարժարաններ կան, որ եկեղեցւոյ կը պատկանին, ազգային միութիւններն ու ակումբները հիմնական նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը եկեղեցիէն կը ստանան, աւելին` կառավարական փաստաթուղթերուն մէջ հայ համայնքը գրանցուած է որպէս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ համայնք։

Ինչո՞ւ կը թուարկեմ եւ կը շեշտեմ այս բոլորը. Որովհետեւ անցեալին ունեցած  իր փառաւոր, իսկ ներկայիս նօսրացած վիճակի մէջ գտնուող եգիպտահայ համայնքին մէջ մեր եկեղեցին եղած է եւ մինչ օրս կը մնայ հայութիւնը միաւորող, կապող, կրթող ու դաստիարակող օղակը։ Այն քրիստոնէական հաւատի քարոզչութիւնը միախառնած է ազգային գաղափարախօսութեան հետ` իր շուրջ համախմբելով բոլորը,  հիմնած է վարժարաններ, ուր կը դասաւանդուին հայոց լեզու, հայոց պատմութիւն, երգ-երաժշտութիւն, հայոց եկեղեցւոյ եւ կրօնի պատմութիւն եւ այս բոլորը՝  Եգիպտոսի Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան յատուկ  արտօնութեամբ։

Այս դրութիւնը, որ գոյութիւն ունի,  զուտ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու  բարեացակամ վերաբերմունքի արդիւնք չէ, այլ օտարութեան մէջ յայտնուած հայ մարդու էութիւնը հնարաւորին չափ ազգային գաղափարախօսութեան եւ արժեհամակարգի վրայ հիմնելու եւ խարսխուած պահելու հաստատական համոզում է սա, որ այս ուղղութեամբ տարուած յամառ ու բազմակողմանի աշխատանքի արդիւնքն է:

Այս առումով յաճախ քննադատական խօսքեր ալ կը լսենք, որ մեր եկեղեցին աւելի շատ ազգայինը կը քարոզէ, քան՝ քրիստոնէութիւնը։ Սակայն,  անոնց համար թերեւս դժուար է  հասկնալ, որ քրիստոնէութիւնը մենք դարերով կը վերարտադրենք ազգային մեր ինքնութեան միջոցով եւ ձեւերով։ Այդ է պատճառը, որ այն մնայուն ներկայութիւն ունի մեր ընդհանուր գիտակցութեան, մտածողութեան, մշակոյթի, ճարտարապետութեան, երաժշտութեան, լեզուի պահպանութեան մէջ։

Հետեւաբար, Հայոց Եկեղեցին կը հանդիսանայ մեր ազգի միասնութեան, գոյապայքարին եւ ինքնուրոյնութեան պահպանող եւ երաշխաւոր կարեւորագոյն հաստատութիւնը։

Այո, ներկայ կրթական համակարգը  բարելաւելու աշխատանքները ողջունելի են, նպատակն ալ միանշանակ ընկալելի է՝ խելացի, գիտակից, կրթուած եւ զարգացած սերունդ ունենալը։ Սակայն այս ամէնուն մէջ աւելի կարեւոր է նաեւ ազնիւ, բարի, բարոյական սկզբունքներ ունեցող, ազգասէր եւ հայրենասէր հայ կերտելը։

Այս առումով բացառիկ դերակատարութիւն ունեցած է եւ ունի մեր եկեղեցին, իսկ վերջին 15 տարուան  ընթացքին ալ այդ դերակատարութիւնը կ'իրականացուի նաեւ «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի դասաւանդման միջոցով։

Հետեւաբար դուրս մղելով այն դպրոցական ծրագրէն, հայ երեխան պիտի զրկուի իր ազգային արժեհամակարգի ամենակարեւոր մէկ բաղադրիչէն, իսկ ժամանակի ընթացքին նաեւ՝ անտարբեր պիտի գտնուի անոր եւ անոր կողմէ դարերով ստեղծած արժէքներու հանդէպ, որ ազդեցութիւն պիտի ունենայ նաեւ ազգային այլ արժէքներու վրայ` լեզու, պատմութիւն, հայրենիք, ընտանիք եւ այլն։

Այսպիսի սերունդ ունեցող ազգը երկար չի կրնար դիմակայել կեանքի ներկայ պայմաններուն, երբ շրջապատուած է թշնամիներով եւ կը գտնուի յարձակման մշտական սպառնալիքներու տակ։

 

-Նման մօտեցման մէջ եկեղեցւոյ դերը նուազեցնելու միտումներ կը տեսնէ՞ք:

Փաստ է, որ այս վերջին շրջանին Հայոց Հայրապետի եւ Հայ Եկեղեցւոյ դէմ կազմակերպուած եւ քօղարկուած ուղղորդուող շարժումներուն հանդէպ բացառիկ անտարբերութիւն կը ցուցաբերուի։ Այսօր ալ, շատերը առիթը չեն փախցներ անպատշաճ յայտարարութիւններ կատարելու, անհարկի որակումներ տալու, երբեմն ալ՝ սպառնալիքներով խօսելու։

Այս բոլորը կարելի է ինչ-որ կերպ մեկնաբանել եւ վերագրել անհատական մօտեցումներու, սակայն իրականութիւնն այն է, որ այս բոլորը անհատական դաշտէն, մասնաւոր դիտաւորութեամբ դուրս կը բերուի հանրային դաշտ ու կը սկսի Հայ Եկեղեցին վարկաբեկելու գործընթաց մը, որմէ, անշուշտ, անմասն չեն մնար նման առիթի սպասող ներքին եւ արտաքին հակաեկեղեցական ուժերը։

Այս ամէնով հանդերձ չեմ ուզեր վատատես ըլլալ. Կը վստահիմ հայրենի մեր իշխանութիւններու եւ իշխանաւորներու իմաստնութեան` Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ առնչուող հարցերը քննարկելու ժամանակ, եկեղեցւոյ վերաբերիլ ոչ իբրեւ պարզ կառոյց կամ քանի մը տարուան գրանցում ունեցող կրօնական կազմակերպութիւն, այլ գիր ու գրականութիւն, մշակոյթ, պատմութիւն ազգային եւ բարոյական արժեհամակարգ ստեղծած, ազգային ինքնութիւն ձեւաւորած եւ հարիւրամեակներ  շարունակ   մղուած պայքարով այն պահած ու ապագայ սերունդներուն փոխանցելու լծուած աստուածահիմն հաստատութիւն։

Հետեւաբար, նման հաստատութիւնը ճիշդ չէ ենթարկել տարիներու կտրուածքով փոփոխուող կառավարութիւններու եւ ղեկավարներու մօտեցումներուն, յատկապէս, երբ օրէնքով ամրագրուած է եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու հիմնական սկզբունքը, կայ համագործակցութեան փորձառութիւն եւ կատարուած է մեծ աշխատանք ։

 

-Սփիւռքի մէջ, ձեր դիտարկմամբ, ինչպէ՞ս գնահատուեցաւ հայրենի կրթական մարմիններու  այս  մօտեցումը։

Անշուշտ, սփիւռքը գործնական մակարդակով տեսած է ու կը տեսնէ եկեղեցւոյ դերը եւ մասնակցութիւնը՝ կրթութեան եւ ընդհանրապէս ազգային արժէքներու պահպանութեան եւ փոխանցման առումով, եւ դժուար կը պատկերացնէ նման մօտեցմամբ հարցերուն լուծումներ տալու գործելաձեւը՝ նոյնիսկ հաշուի առնելով  սփիւռքեան բազմակարծութիւնը։