image
Հրատապ լուրեր:

Սահմանին ստեղծուած իրավիճակի պատասխանատուն Անգարան է. Սեւակ Արծրունի

Սահմանին ստեղծուած իրավիճակի պատասխանատուն Անգարան է. Սեւակ Արծրունի

Ինչպէս յայտնի է, երէկ՝ 12 յուլիսին Ատրպէյճանը Տաւուշի ուղղութեամբ ՀՀ պետական սահմանը խախտելու փորձ ըրած է, իսկ երէկ ու այսօր պարբերաբար հրետակոծութիւն իրականացուցած է հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Կատարուածը, «Արեւելք»ի խնդրանքով մեկնաբանած է հրապարակախօս Սեւակ Արծրունին. 

 

-Պարոն Արծրունի, ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք  սահմանային վերջին զարգացումները:

Իմ կարծիքով սահմանին ստեղծուած իրավիճակի պատասխանատուն Անգարան է: Ռուս-թրքական բանակցութիւններու վրայ, Լիպիոյ, Սուրիոյ եւ Իրաքի փաթեթներուն, հիմա կարծես կ'աւելնայ Հայաստանը: 

Էրտողանի նպատակն է կէտ առ կէտ, եթէ ոչ «տէ եուրէ», ապա «տէ ֆաքթօ» խախտել Լոզանի պայմանագրի բոլոր կէտերը, որովհետեւ Լոզանը Առաջին աշխարհամարտի ժամանակ կործանած Օսմանեան կայսրութեան եւ փոխարէնը պարտադրուած Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնաքարն է: Նպատակն է վերանայիլ Թուրքիոյ պարտադրուած սահմանները եւ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը տարածաշրջանին մէջ:

Էրտողանի այս ճանապարհը կը հետապնդէ հիմնական երկու ուղի.

Առաջին. շրջանցել Մուսթաֆա Քեմալի ժառանգութիւնը եւ, պատմութեան հոսանքին հակառակ նաւարկելով, վերադառնալ 19-րդ դարու Օսմանեան կայսրութեան իրավիճակին:

Հասկնալով, որ նման քաղաքական նպատակ իրագործել հնարաւոր չէ օրէնքի ուժով, Էրտողանը յոյս կը դնէ «ռէալ փոլիթիք»ի ճանապարհով, հիմնական բռնութեան եւ ռազմական գործողութիւններով հասնիլ Օսմանեան կայսրութիւնը աշխարհաքաղաքական դաշտ վերադարձնելու փաստացի իրավիճակին:

Երկրորդ. ան, լարելով յարաբերութիւնները Յունաստանի հետ, մտնելով Սուրիա, Իրաք եւ Լիպիա, բաժին պահանջելով Միջերկրական նաւթահորերէն եւ կազի պաշարներէն, Սէուտական Արաբիայէն համաիսլամական Խալիֆաթի դրօշը վերցնելով, երկրին մէջ կրօնապետութիւն հիմնելով, վերաիսլամացնելով Սուրբ Սոֆիան, եւ տասնեակ այլ ցուցադրական ու հիմքային գործողութիւններով, իրականութեան մէջ կը դրժէ Լոզանի մէջ ստանձնած Թուրքիոյ Հանրապետութեան պարտաւորութիւնները եւ անցում կը կատարէ դէպի Օսմանեան պետութիւն: Իսկ Օսմանեան կայսրութեան դիմաց առաջին հերթին կանգնած է ռուսական զէնքը:

Մեր՝ հայերուս խնդիրը մէկն է, ըլլալ իրավիճակին տէրը, բայց չտրուիլ հայրենասիրական միֆերուն:

Այսինքն, պահանջատէր ըլլալ Թուրքիայէն՝ Օսմանեան հայութեան ժառանգութեան վերականգնման եւ Հայաստանի ու Փոքր Ասիոյ ապաշրջափակման պահանջով, ՀՀ֊Արցախեան եւ Հիւսիս Արեւելեան ճակատին ըլլալ անսասան յարձակողական իսկ Ռուս-հայկական ռազմական համագործակցութեան մէջ՝ կայուն նախաձեռնող:

Ամենակարեւորը՝ բոլոր կողմերուն ցոյց տալ, որ հայութիւնը պիտի չկրկնէ հին սխալները, եւ որ ինչքան ալ շատ ըլլան ներքին ճեղքուածքները, ազգային իրաւունքի եւ հայ զօրականի շուրջ ազգը մէկ ամբողջութիւն է: