image
Հրատապ լուրեր:

Ոչ մէկ եկամուտ կրնայ արդարացնել թշնամիի հետ գործ ունենալը. Կարէն Վարդանեան

Ոչ մէկ եկամուտ կրնայ արդարացնել թշնամիի հետ գործ ունենալը. Կարէն Վարդանեան

Վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի հայերը իրենց պատկանող խանութներէն հանած են թրքական արտադրութեան ապրանքները։ ԱՄՆ բնակող մեր հայրենակից Կարէն Վարդանեան, որ այսպիսի կոչ ուղղած էր եւ այդ մասին պատմած էր նաեւ ընկերային ցանցերով, պատասխանած է «Արեւելքի» հարցերուն.

 

րո՞ւ նախաձեռնութեամբ որոշուեցաւ թրքական ապրանքները դուրս հանել հայկական վաճառատուներէն:


Նախ ըսեմ, որ արդէն տարիներէ ի վեր հայկական հեռատեսիլը ընկերային հոլովակ կը ցուցադրէ, կոչ ընելով չգնելու թրքական ապրանքներ, որովհետեւ այս առեւտուրի եկամուտի մէկ մասը կ'օգտագործուի զէնքի արտադրութեան մէջ, որ հետագային փաստացի կը գործածուի մեր սահմանները պաշտպանող զինուորին դէմ: Նոյնիսկ այս նկատի ունենալով, կը կարծեմ, որ մենք մեծ մասամբ թրքականը մերժելու անհրաժեշտ գիտակցութիւնը չունինք. փաստը` 88-ին սկսած Արցախեան ազատամարտը եւ առաւել եւս` Հայոց Եղեռնը: Երկրորդը քիչ մը աւելի ցաւալի եւ տարակուսելի է, որովհետեւ թրքական ապրանքներ կը ներմուծեն ընկերութիւններ, որոնց տէրերը Եղեռնի զոհերու ուղղակի ժառանգներն են: Այս պահուն տեղի ունեցողը կը կարծեմ, որ աւելի շատ արձագանգն է ազերիներու արարքներուն, իրենք (ցաւօք առաջինը) Մոսկուայի մէջ արգիլեցին իրենց պատկանող վաճառքի սրահներուն մէջ հայկական ապրանքներու առեւտուրը: Մեր ըրածի հետապնդած նպատակին մասին արդէն ընկերային ցանցերուն մէջ տարածուած իմ տեսանիւթիս մէջ խօսած եմ, որ նոյնիսկ մէկ սենթ մեր դէմ աշխուժօրէն կռուող թշնամիին չտալն է, որպէսզի նոյնիսկ մէկ փամփուշտ մեր տուած գումարով չպատրաստուի:

 

-Վերջին օրերուն արտասահմանի մէջ ընթացող հայերու հաւաքները Ատրպէյճանը տարբեր ձեւերով փորձեց խանգարել: Դուք որեւէ վտանգ կը տեսնէ՞ք հայութեան համար, եւ Միացեալ Նահանգներու տեղական իշխանութիւնները ինչպէ՞ս արձագանգեցին կատարուածին:


Ատրպէյճանցիներու կամ թուրքերու հակազդեցութիւնը վտանգաւոր է. ապացոյցը՝ առանձին հայերու վրայ խումբով յարձակումներն ու ծեծն են: Կը կարծեմ, որ իրենք ներքին պահանջ չունին համախմբուելու, բայց իրենց պետութիւնը այդ ուղղութեամբ աշխուժօրէն կ'աշխատի, ազգային ինքնութեան գաղափար ծնիլ տալու համար: Նոյնը կը վերաբերի աշխոյժ լոպպիին, այստեղ միայն կրնամ ուրախանալ անով, որ հայկական կազմակերպութիւնները, հայ դեսպանատուներուն հետ միասին, աշխուժօրէն զբաղած են մեր խնդիրները միջազգային մակարդակով հասանելի դարձնելու գործով: Հաւանաբար այս կազմակերպութիւնները աւելի տեղեակ են, թէ ինչպիսին է ամերիկեան շրջանակներու արձագանգը տեղի ունեցածին:

 

-Հայկական խանութներու տէրերու արձագանգը ապրանքները հանելու այդ կոչին ինչպիսի՞ն էր, ընդդիմացողներ չեղա՞ն, ըսելով, որ ասիկա, ի վերջոյ, գործ է:


Ընդհանուր հարցում չեմ ըրած, բայց իմ իմացած հայկական խանութներու տէրերը հիմնականօրէն դրական մօտեցած են թրքական ապրանքները հանելու կոչերուն եւ գաղափարին. մեր խնդիրը պէտք է ըլլայ հասկցնել այն հայ գործարարներուն, որոնք անմիջապէս Թուրքիայէն ապրանք կը ներմուծեն, որ ոչ մէկ գումար կամ եկամուտ կրնայ արդարացնել քու նախնիները սպանած, քու եղբայրներուն դէմ կռուող եւ քու զաւակները ոչնչացնել կամեցող թշնամիին հետ գործ ունենալը: