image

«Ինծի համար շատ դժուար եղաւ լքել Պէյրութը». Հալէպահայ երաժիշտ Յովիկ Ատուրեան

«Ինծի համար շատ դժուար եղաւ լքել  Պէյրութը». Հալէպահայ երաժիշտ Յովիկ Ատուրեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ հալէպահայ երաժիշտ Յովիկ Ատուրեանը, որ Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն հաստատուած էր Պէյրութ,  իսկ վերջերս տեղափոխուած է հայրենիք:

 

-Վերջին տարիներուն 3-րդ անգամն է, որ ապրելու վայր կը փոխէք, Հալէպէն՝ Պէյրութ, Պէյրութէն՝ Երեւան՞  Ի՞նչ զգացումներով հասար Երեւան:


Այո, ինչպէս որ յիշեցիք, երրորդ երկիրն է, որ կը փոխադրուիմ այս մի քանի տարուան ընթացքին: Զգացումս այն է, որ երբ  2012-ին,Հալէպէն Պէյրութ գացի, մտադրութիւնս քանի մը ամսուան համար էր եւ միշտ ետ դառնալու յոյսերով էի, մանաւանդ սկիզբի շրջանին, բայց հիմա որ Երեւան եմ, ետ դարձի մտադրութիւն մը, կամ յոյս մը չունիմ եւ բոլոր ջանքերովս պիտի փորձեմ հաստատուիլ հայրենիքի մէջ:

 

-Եթէ ձեզմէ խնդրենք որ Պէյրութի մէջ ապրած ձեր տարիներուն ընդհանուր ամփոփումը ընէք, ի՞նչ կրնաք ըսել, ի՞նչ յիշատակներով հեռացաք Պէյրութէն, ի՞նչ մնաց յիշողութեանդ մէջ:


Իրականութեան մէջ երբ Լիբանան հասայ, անշուշտ լուսահոգի մեր մեծ երգիչ Ատիս Հարմանտեանի քաջալերանքով, չէի երեւակայեր որ այսքան լաւ ընդունելութիւն պիտի գտնեմ՝ երաժշտական ասպարէզին մէջ. ունեցայ շատ հարազատ ընկերներ, զանազան գործերով հանդէս եկայ, ըլլալ հայ, ըլլայ արաբ,  նուագի գործով շատ երկիրներ ճամբորդեցի եւ հոնկէ երաժշտական գործերս լսցուցի սփիւռքին, իմ լաւ երգիչ ընկերներուս միջոցաւ: Հակառակ որ Պէյրութը իմ ծննդավայրս չէ, իսկապէս շատ դժուար որոշում էր Լիբանանէն հեռանալը, որովհետեւ կը սիրեմ այդ երկիրը։

 

-Պայթումը շատ ծանր եղաւ ամբողջ Լիբանանին, նաեւ լիբանանահայութեան համար, շրջապատէդ ի՞նչ կը լսէիր, ի՞նչ զգացումներ եւ ի՞նչ մտածումներ ունեցան այս պայթումէն ետք:


Արդէն Լիբանանի աղիտալի պայթումէն քանի մը ժամ առաջ ժամանած էի Երեւան. երբ այդ ցնցող լուրը առի, խօսեցայ ծնողքիս, ընկերներուս, հարազատներուս հետ, բոլորն ալ շատ գէշ վիճակի մէջ էին, եւ դժբախտաբար ունեցանք տասնեակ զոհեր: Աստուած բոլորին հոգիները լուսաւորէ եւ իրենց ընտանիքներուն համբերութիւն տայ: Կրնամ ըսել, որ այս վերջին մէկ տարուան մէջ Լիբանանի ապրած զանազան խնդիներուն յաջորդած այս մեծ պայթումը կրկնապատկեց ցաւերը:

 

-Այս բոլորէն ետք, ձեր կարծիքով, մեծ պիտի ըլլա՞յ թիւը անոնց, որոնք պիտի ուզեն հեռանալ Լիբանանէն, կը կարծէ՞ք որ յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին մեծ թիւով հայեր Հայաստան կու գան:


Այո, կը կարծեմ յառաջիկայ ամիսներուն Հայաստան եկողներ պիտի ըլլան եւ արդէն սկսած են գալ, նայած, իւրաքանչիւրը իր պայմաններով. կարեւորը բոլորը յաջողութիւն գտնեն, յարմարին այստեղի միջավայրին եւ գործի պայմաններուն, որովհետեւ բոլորս ալ գիտենք, թէ ուր որ ալ երթանք, նոյնիսկ Եւրոպա կամ Գանատա, սկիզբը դժուար կ'ըլլայ, մինչեւ յարմարին երկրի պայմաններուն:

 

-Այս ընթացքով կարծես Մերձաւոր Արեւելքի հայութիւնը պիտի նուազի, թիւի առումով նահանջ մը պիտի ապրի: Այդ մէկը ձեզի համար մտահոգի՞չ է:


Այո, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայութեան թիւի նուազումը մտահոգիչ է, նոյն ատեն ալ սակայն փափաքս է տեսնել աշխարհի բոլոր հայութիւնը Հայաստանի մէջ, անշուշտ հայրենիքը եւ սփիւռքը իրար կ'ամբողջացնեն, ատոր համար է, որ պէտք է պահենք սփիւռքը, ինչպէս որ ըրած են մեր նախնիները: